Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանան Արզի մէջ կը հիւրընկալէ փոքր երկիրներու դահուկարշաւի քրոս-քաունթրիի ախոյեանութիւնը:
Հայկական լրատուամիջոցներ երէկ յայտնեցին, որ Հայաստանի ներկայացուցիչները դարձեալ ոսկի մետալներու տիրացան, շնորհիւ Քաթիա Գալստեանի եւ Թադէոս Պօղոսեանի, յաջորդաբար` 5 եւ 10 քիլոմեթրի ազատ ոճի մրցումներուն:
Անոնք երկուքը նախորդ շաբաթավերջին դարձեալ նոյն ազատ ոճի մրցումներուն տիրացած էին ոսկի մետալներու: