Հովանաւորութեամբ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, Արզի մէջ երէկ սկիզբ առաւ փոքր երկիրներու դահուկարշաւի Քրոս-Քաունթրիի ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 47 երկսեռ մարզիկներ` հետեւեալ եօթը երկիրներէն. Սերպիա, Հունգարիա, Հայաստան, Արժանթին, Պոսնիա, Չիլի եւ Լիբանան:
Այս ախոյեանութիւնը կ՛աւարտի վաղը` կիրակի:
Հայաստանի ներկայացուցիչները` Քաթիա Գալստեան եւ Թադէոս Պօղոսեան, երէկ յաջողեցան տիրանալ ոսկի մետալներու: Առաջինը` 5 քիլոմեթրին մէջ, մինչ երկրորդը` 10 քիլոմեթրին մէջ (երկուքն ալ` ազատ ոճ):



