Սպանիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան` «Լա Լիկա»-ի 19-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Պարսելոնա 5 կէտի առաւելութեամբ մը աւարտեց երթի մրցումները` 3 – 0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրելով Էյպարի դէմ (16-րդ):

Մրցումին աստղը անկասկած եղաւ Լուիս Սուարեզը, որ 2 կոլ նշանակելէ բացի (19-րդ եւ 59-րդ), կատարեց երրորդ կոլին էսիսթը, որ նշանակուեցաւ Լիոնել Մեսսիի կողմէ (53-րդ):
Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ այժմ 5 կէտով ետ կը մնայ Պարսելոնայէն, 1 – 0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Լեվանթէի դէմ (11-րդ): Անթուան Կրիզման նշանակեց Աթլեթիքոյի կոլը (57-րդ` փենալթիով):
Երրորդ դիրքին վրայ գտնուող Սեւիլլա, որ 2 – 0 արդիւնքով պարտուեցաւ Աթլեթիքօ Պիլպաոյէն, այժմ 10 կէտով ետ կը մնայ Պարսելոնայէն: