Եաքանի Եւ Համբարձումեանի Կազմերը Պարտուեցան
Կիպրոսի ֆութպոլի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, Էնոսիս, որ հիւրընկալեց Տոքսան, նուազագոյն հաշուով պարտութիւն մը կրեց: Հիւրընկալ կազմին հետ ամբողջ մրցումին իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Յովհաննէս Համբարձումեան: Քաթարի մէջ ուսումնամարզական հաւաք մը կատարող պելճիքական Էյփեն, որ բարեկամական մրցումի մը ընթացքին մրցեցաւ իրանեան Փերսեփոլիսի դէմ, 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ: Պելճիքական կազմին հետ Բ. կիսախաղին դաշտ...


