Ճատրակ. Եւրոպայի Անհատական Տղոց Ախոյեանութիւն. Հրանդ Մելքումեանի Եւ Սամուէլ Տէր Սահակեանի Երկրորդ Յաղթանակը
Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Հրանդ Մելքումեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան, Սերկէյ Մովսիսեան եւ Հայաստանի նորընծայ ախոյեան Արման Փաշիկեան յաղթանակներ արձանագրեցին, մինչ Հայկ Մարտիրոսեան պարտութիւն կրեց: Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Մանուէլ Պետրոսեան եւ Շանթ Սարգսեան պարտութիւն կրեցին: Մելքումեան եւ Տէր Սահակեան արձանագրեցին իրենց երկրորդ յաջորդական յաղթանակները: Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը...

