«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան վեց ճակատումներ:
Հիուսթըն Ռոքեթց, որ հիւրն էր Աթլանթա Հոքսին, արձանագրեց` 121-105 արդիւնքով յաղթանակ մը:

Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ճէյմս Հարտեն, որ նշանակեց մրցումին ամէնէն շատ կէտը (31), դարձաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան մէջ առաջին մարզիկը, որ կը նշանակէ 30 եւ աւելի շատ կէտ, ախոյեանութեան մասնակցող բոլոր` 29 մրցակիցներուն դէմ, յայտնեց «Էն. Պի. Էյ.»-ի պաշտօնական կայքը:
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 117-107 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Մինեսոթա Վուլվզի դաշտէն: Սթեֆըն Քարի (Ուորիըրզ) նշանակեց 36 կէտ:
Պրուքլին Նեթց 123-121 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Սաքրամենթօ Քինկզի դաշտին վրայ: Տանճելօ Ռասըլ (Նեթց) նշանակեց 44 կէտ:
Ստորեւ կու տանք փլէյ-օֆի մրցումներուն ցարդ իրենց տոմսերը ապահոված կազմերը.
ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆ.
Միլուոքի Պաքս, Թորոնթօ Ռեփթըրզ եւ Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ:
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆ.
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ եւ Տենվըր Նակեթց:
Ստորեւ կու տանք փլէյ-օֆի մրցումներէն ցարդ դուրս մնացած կազմերը.
ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆ.
Աթլանթա Հոքս, Շիքակօ Պուլզ, Քլիվլենտ Քաւալիրզ եւ Նիւ Եորք Նիքս:
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆ.
Նիւ Օրլինզ, Մեմֆիս Կրիզլիզ, Տալաս Մավըրիքս եւ Ֆէոնիքս Սանզ:


