Պարսելոնայի ուրուկուէյցի յառաջապահ Լուիս Սուարեզ, որ վնասուածք ստացաւ Ռէալ Պեթիսի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Լա լիկա», 28-րդ հանգրուան), 2 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
31 տարեկան Սուարեզ շատ հաւանաբար այս տարեշրջանի աւարտին հեռանայ Պարսելոնայէն: