Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ղըպէյրիի քաղաքապետութեան խումբը 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք իր հիւրին` Ֆայհաա Թրիփոլիի դէմ, ապահովեց Ա. դասակարգի իր տոմսը:
Սատի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ էին Ղըպէյրիի շուրջ երեք հարիւր համակիրներ, ինչպէս նաեւ Ղպէյրիի քաղաքապետը եւ քաղաքապետական խորհուրդի այլ անդամներ: