Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պէյրութ Յաղթեց ՀՄԸՄ-ին` 86-81 Արդիւնքով

March 19, 2019
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ` երկուշաբթի,18 մարտին, Պէյրութ հիւրընկալեց Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ-ի կազմը` Շիահի իր մարզադաշտին վրայ:

Մրցումը բաւական զօրաւոր սկսաւ` նկատի ունենալով, որ երկու կազմերն ալ կը պայքարէին երթուդարձի մրցումները աւելի առաջնակարգ դիրքերու վրայ աւարտելու համար (չորսէն վեր):

Առաջին քորթըրը աւարտեցաւ 24-21 արդիւնքով, ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի:

Երկրորդ քորթըրը եւս եղաւ առաջինին նման, մանաւանդ` Պէյրութի համար, որ ուշացած ըլլալով իր ամէն կարելին կ՛ընէր մրցումը իր հակակշիռին տակ պահելու եւ առիթ չտալու, որ ՀՄԸՄ աւելի հեռանայ:

Հոս միջանկեալ նշենք, որ Պէյրութ այս տարեշրջանի իր վերջին պարտութիւնը կրեց ՀՄԸՄ-էն, երթի մրցումին, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:

Իսկ յաւելեալ այլ տեղեկութիւն մը. Պէյրութ իր դաշտին վրայ վերջին անգամ պարտուեցաւ Հուփսէն` նախորդ դեկտեմբերին:

Ինչ կը վերաբերի մրցումին, երկրորդ քորթըրը աւարտեցաւ 43-42 արդիւնքով` ի նպաստ հիւրընկալ կազմին:

Երրորդ քորթըրին, Պէյրութ բաւական բարելաւելով իր խաղարկութիւնը, ունեցաւ 9 կէտի առաւելութիւն մը ՀՄԸՄ-ի վրայ` 63-54 արդիւնքով:

Չորրորդ եւ վերջին քորթըրին սկսելէն երեք վայրկեան ետք, մրցումը շուրջ հինգ վայրկեան ընդհատուեցաւ, երբ Պէյրութի համակիրներուն թրիպիւնէն դէպի դաշտ ջուրի շիշ թափուեցաւ:

Ի վերջոյ մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Պէյրութի յաղթանակով, 86-81 արդիւնքով:

Նշենք, որ այս յաղթանակը Պէյրութի համար եղաւ յաջորդական ութերորդը:

Հակառակ իր կրած այս պարտութեան, ՀՄԸՄ ունեցաւ բացառիկ խաղարկութիւն մը, բայց չյաջողեցաւ յաղթել դաշտին տիրոջ:

Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեցին ՀՄԸՄ-էն Մայք Էֆիպրա եւ Էլի Ռըսթոմ (20-ական կէտ), մինչ անոնց խմբակից Ուոլթըր Հոճ` 19 կէտ:

Էֆիպրա նաեւ նշանակեց մրցումին ամէնէն շատ թրի-փոյնթ-ը` 4:

Երկու խումբերն ալ նշանակեցին 8-ական թրի-փոյնթ:

Իսկ Պէյրութէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Քրիս Քրոֆորտ (18 կէտ,12 էսիսթ):

Իսկ անոր խմբակից Ալի Հայտար նշանակեց 17 կէտ:

 

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Դաշտային Խաղերուն Մասնակցեցան 196 Երկսեռ Աշակերտներ

Յաջորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս Աւարտականի Չորրորդ Մրցումը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Էն.Էս.Էյ.Էն` 104-94 Արդիւնքով
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Էն.Էս.Էյ.Էն` 104-94 Արդիւնքով

February 3, 2026
«Էն.Պի.Էյ.»  10 Մրցումներ Երէկ.  Ճերըթ Էլըն Մրցանիշ Իրագործեց
Մարզական

«Էն.Պի.Էյ.» 10 Մրցումներ Երէկ. Ճերըթ Էլըն Մրցանիշ Իրագործեց

February 3, 2026
Սերխիօ Ռամոս Բռնցքամարտի Մենամարտ Պիտի Ունենայ
Մարզական

Սերխիօ Ռամոս Բռնցքամարտի Մենամարտ Պիտի Ունենայ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.