Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Հրանդ Մելքումեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան, Սերկէյ Մովսիսեան եւ Հայաստանի նորընծայ ախոյեան Արման Փաշիկեան յաղթանակներ արձանագրեցին, մինչ Հայկ Մարտիրոսեան պարտութիւն կրեց:
Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Մանուէլ Պետրոսեան եւ Շանթ Սարգսեան պարտութիւն կրեցին:
Մելքումեան եւ Տէր Սահակեան արձանագրեցին իրենց երկրորդ յաջորդական յաղթանակները:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 357 ճատրակ խաղացողներ, որոնցմէ 142-ը` կրանտ-մասթըրներ, իսկ ախոյեանութեան գլխաւոր իրաւարարն է Հայաստանէն Աշոտ Վարդապետեան:



