Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ սկսած Եւրոպայի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութեան Հայաստան ունի 8 ներկայացուցիչ, հաղորդեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքը:
Ա. հանգրուանի մրցումներուն հայրենի չորս վարպետներ` Հրանդ Մելքումեան, Հայկ Մարտիրոսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Շանթ Սարգսեան, յաղթանակներ արձանագրեցին, մինչ Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Մանուէլ Պետրոսեան եւ Հայաստանի նորընծայ ախոյեան Արման Փաշիկեան` հաւասարութիւններ:
Եւրոպայի ախոյեանութեան գլխաւոր իրաւարարն է Աշոտ Վարդապետեան:
Իսկ 357 մասնակցողներէն 142-ը կրանտմասթըրներ են: