Սպանական մամուլը կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտ ամէն ճիգ կը թափէ իր կազմին միացնելու Լիվըրփուլի եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահը եւ անոր փոխանցման համար պատրաստ է վճարելու 150 միլիոն եւրօ:
Նշուեցաւ նաեւ, որ ամրան ընթացքին անգլիական ակումբէն որեւէ մարզիկ պիտի չհեռանայ խումբէն, ինչ որ ակումբի գլխաւոր մարզիչ Եիւրկըն Քլոփի փափաքն է:
Այս տարեշրջանին Սալահ 31 մրցումի ընթացքին նշանակեց 17 կոլ եւ կատարեց 8 էսիսթ: