Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը երէկ յայտնեց, որ երկրին ազգային հաւաքականը Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ կատարեց իր վերջին փորձը, նախքան Սարայեւօ մեկնիլը, ուր շաբաթ, 23 մարտին` մրցում մը ունի կատարելիք դաշտին տիրոջ` Պոսնիոյ դէմ, Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ (Ժ. խմբակ):
Արմէն Գիւլբուդաղեանցի գլխաւորած խումբը այսօր` հինգշաբթի, 21 մարտին կը մեկնի Սարայեւօ:



