Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի քաթալոնական ակումբին հետ յաղթանակներու իմաստով նոր մրցանիշ մը հաստատեց:
Ռէալ Պեթիսի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի 28-րդ հանգրուանին, ան իր ակումբին հետ արձանագրեց իր 477-րդ յաղթանակը:
«Օփթա» հաղորդեց, որ այսպիսով, 31 տարեկան արժանթինցին գերազանցեց Չաւին, որ 767 մրցումի ընթացքին արձանագրեց 476 յաղթանակ:
Մեսսի, որ Պարսելոնայի հետ կատարեց իր 674-րդ մրցումը, կրկնեց սպանացի Անտրես Ինիեսթայի մրցանիշը: Անոնցմէ երկուքէն աւելի մրցում կատարած է Չաւի:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան 26 մրցումի ընթացքին նշանակած է 29 կոլ եւ կատարած 12 էսիսթ:
Ան նշանակած է ընդամէնը 589 կոլ եւ կատարած 238 էսիսթ: