Անգլիական մամուլին համաձայն, Ռէալ Մատրիտ չկրցաւ համաձայնութեան գալ լոնտոնեան Չելսիի պելճիքացի յառաջապահ Էտեն Հազարի փոխանցման շուրջ:
Արքայական ակումբը 28 տարեկան ֆութպոլիստին համար առաջարկած է 82 միլիոն եւրօ, բայց անոր առաջարկը մերժուած է:
Անգլիական ակումբը անոր փոխանցման համար կը պահանջէ նուազագոյնը 115 միլիոն եւրօ:
Նշուեցաւ նաեւ, որ Հազարի պայմանագրութիւնը, որ նախատեսուած է մինչեւ 2020, պիտի չերկարաձգուի:
Ան այս տարեշրջանին 29 մրցումի ընթացքին նշանակեց 13 կոլ եւ կատարեց 11 էսիսթ:



