«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ շաբաթ, 23 մարտին տեղի ունենալիք Պոսնիա – Հայաստան մրցումին, որ կ՛իյնայ Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ (Ժ. խմբակ), իրաւարարները պիտի ըլլան Դանիայէն:
Կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարն է Եաքոպ Քելեթ:
Այս մրցումէն երեք օր ետք, Հայաստան Երեւանի մէջ կը հիւրընկալէ Ֆինլանտան:
Հայրենի կազմը իր խմբակին մէջ ունի նաեւ Իտալիան, Յունաստանը եւ Լիխթընշթայնը:



