21 մարտ 2019-էն 31 մարտ 2020 տեղի կ՛ունենան Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան աւարտական հանգրուանին հասնող խումբերը:
Աւարտական հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 12 յունիսէն 12 յուլիս 2020-ին:
Եւրոպական 12 քաղաքներու մէջ տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին 24 խումբերը պայքար պիտի մղեն տիտղոսին տիրանալու համար:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն ներկայացուց այս մրցաշարքի պաշտօնը գնդակը, որ պիտի օգտագործուի մրցումներուն ընթացքին:



