«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 9 մրցումներ:
Արեւմտեան շրջանէն փլէյ-օֆի մրցումներուն իր տոմսը ապահոված գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ հիւրը եղաւ Սան Անթոնիօ Սփըրզին, 111-105 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց:
Յաղթական կազմէն Տեմար Տերոզան նշանակեց 26 կէտ, մինչ Ուորիըրզէն Սթեֆըն Քարի` 25 կէտ:
Այս շրջանէն փլէյ-օֆի իր տոմսը ապահոված է նաեւ Տենվըր Նակեթց, որ երէկ յաղթեց Պոսթըն Սելթիքսին (114-105): Վերջինէս Քիրի Ըրվինկ նշանակեց 30 կէտ:
Իսկ արեւելեան շրջանէն փլէյ-օֆի իրենց տոմսերը ապահոված են Միլուոքի Պաքս, Թորոնթօ Ռեփթըրզ եւ Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ:
Ինչ կը վերաբերի փլէյ-օֆէն դուրս մնացած խումբերուն, անոնց թիւը ցարդ եօթը է` Շիքակօ Պուլզ, Քլիվլենտ Քաւալիրզ, Նիւ Եորք Նիքս (արեւելեան շրջան), Նիւ Օրլինզ, Մեմֆիս Կրիզլիզ, Տալաս Մավըրիքս եւ Ֆէոնիքս Սանզ (արեւմտեան շրջան):
Երէկուան մրցումներուն երկու մարզիկներ թրիփըլ-տապըլի հեղինակ դարձան: Առաջինը եղաւ Տալաս Մավըրիքսէն Լուքա Տոնքիչ (29 կէտ, 13 ռիպաունտ, 10 էսիսթ), իսկ երկրորդը` Նիւ Օրլինզէն Էլֆրիտ Փէյթըն (19 կէտ, 10 ռիպաունտ, 11 էսիսթ):
Այս երկու մարզիկներուն խումբերուն միջեւ տեղի ունեցած երէկուան այս մրցումը աւարտեցաւ Նիւ Օրլինզի յաղթանակով (129-125):
Տալաս Մավըրիքս երկարաձգումէն ետք իր դաշտին վրայ 129-125 արդիւնքով պարտուեցաւ Նիւ Օրլինզէն:

Սակայն Մավըրիքսէն Տըրք Նովիթցքի (գերմանացի), որ նշանակեց 8 կէտ, «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան ամէնէն արդիւնաւէտ մարզիկներուն մէջ բարձրացաւ 6-րդ դիրք: 40 տարեկան Նովիցքի իր նշանակած կէտերուն ընդհանուր հաշիւը բարձրացուց 31.424-ի: