Մարզական

Անգլիական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Սիթի` Անգլիոյ Բաժակակիր

Շաբաթ, 18 մայիսին, «Ուեմպլի» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Անգլիոյ բաժակի մրցաշարքի աւարտականի ճակատումը, որուն ընթացքին Մանչեսթըր Սիթի ճակատեցաւ Ուաթֆորտի դէմ` շուրջ 86 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան: Մրցումը աւարտեցաւ Սիթիի մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլայի մեծ յաղթանակով: Մանչեսթըր Սիթի վեց անպատասխան կոլեր նշանակեց մրցակից բերդին մէջ: Ռահիմ Սթերլինկ հեթրիք մը իրագործեց (38-րդ, 81-րդ, 87-րդ), իսկ Տաւիտ Սիլվա (26-րդ), Քեւին Տէ Պրիւյնէ (61-րդ) եւ Կապրիել...

Մանչեսթըր Սիթիի Խմբապետը Կը Հեռանայ Խումբէն

Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ խումբի խմբապետ Վենսան Քոմփանի կը հեռանայ իր կազմէն: 33 տարեկան պելճիքացին, որ 2008-էն ի վեր մաս կը կազմէ Սիթիին, յայտնեց, որ յառաջիկայ երեք տարիներուն մարզիկ-մարզիչի պաշտօն պիտի կատարէ Անտըրլեխթի հետ: Քոմփանի 2003-էն 2006 մաս կազմած է Անտըրլեխթին (Պելճիքա), իսկ 2006-էն 2008` Համպուրկին (Գերմանիա):  

Հենրիխ Մխիթարեանի  Երկրպագուներուն Բողոքը Պաքուի Մէջ

Հենրիխ Մխիթարեանի Երկրպագուներուն Բողոքը Պաքուի Մէջ

Հաւանական է, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան մերժէ Պաքու մեկնիլ իր ակումբին` Արսենալի հետ, 29 մայիսին մասնակցելու Չելսիի դէմ տեղի ունենալիք «Եւրոպայի-լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականին: Նշանաւոր ֆութպոլիստին երկրպագուները «Թուիթըր»-ի իրենց էջին վրայ գրած են, որ եթէ քաղաքական պատճառներով Արսենալ առանց Հենրիխ Մխիթարեանի մեկնի Պաքու, իրենք բողոքի քայլի պիտի դիմեն եւ մրցումի 7-րդ ու 77-րդ վայրկեաններուն Արսենալի 6000...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Աղջկանց Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Հանդիսացաւ Երրորդ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանը ՀՄԸՄ Պէյրութ - ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցումով հասաւ իր աւարտին: Այս մրցումը, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի ճշդէր, թէ ո՛ր խումբը պիտի հանդիսանայ երրորդ: Երրորդ դիրքի այս մրցումին, ՀՄԸՄ Պէյրութ արձանագրեց 68-63 արդիւնքով յաղթանակ մը: Բ. դասակարգի ախոյեան հանդիսացաւ Պէյրութ, որ աւարտականի ճակատումին գերազանցեց...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոն – Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ակումբներ Հանդիպում

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես – Թատամոն Առաջին Մրցումը` Շաբաթ, 25 Մայիսին

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը, երէկ հրապարակեց Սաժես - Թատամոն փլէյ-օֆի մրցումներուն յայտագիրը: Սաժես գրաւեց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի 9-րդ եւ վերջին դիրքը, մինչ Թատամոն` Բ. դասակարգի երկրորդ դիրքը: Երեք մրցումէ երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը 2019-2020 տարեշրջանին մաս կը կազմէ Ա. դասակարգին: Անոնց միջեւ առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 25 մայիսին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Ղազիրի դաշտին վրայ: Երկրորդ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Այսօր` Անսար – Ախա Ահլի Ալէյ. Վաղը` Ահտ – Ռասինկ

Այս շաբաթավերջին կը յստականան Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին հասնող երկու խումբերուն անունները, երբ տեղի ունենան կիսաւարտականի ճակատումները: Այսօր` շաբաթ, 18 մայիսին, գիշերուան ժամը 22:30-ին, «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ Անսար կը մրցի Ախա Ահլի Ալէյի դէմ: Իսկ կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումը տեղի կ՛ունենայ վաղը` կիրակի, 19 մայիսին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, երբ Ահտ կը մրցի Ռասինկի դէմ: Եթէ անակնկալներ չպատահին, կը կարծուի,...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Թեթեւ Ճակատումներու Շաբաթավերջ Մը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.

Այսօր Կը Յստականայ Գերմանիոյ Ախոյեանին Անունը Եւրոպական ֆութպոլի հինգ կարեւոր ախոյեանութիւններէն առաջին աւարտողը եղաւ Անգլիան: Այս շաբաթավերջին կ՛աւարտին նաեւ Գերմանիոյ եւ Սպանիոյ ախոյեանութիւնները, մինչ Իտալիոյ եւ Ֆրանսայի պարագային տեղի կ՛ունենան նախավերջին հանգրուանի մրցումները եւ անոնց աւարտին կը մնայ մէկ հանգրուան միայն: Անգլիոյ նման հետաքրքրական ձեւով կ՛ընթանայ նաեւ Գերմանիոյ ախոյեանութիւնը, որովհետեւ վերջին հանգրուանէն ետք է, որ պիտի յստականայ 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեանին...

«Էն. Պի. Էյ.» Ուորիըրզ 2-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Պլէյզըրզին` Դժուար Յաղթանակ Մը Արձանագրելէ Ետք

Երէկ տեղի ունեցաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան արեւմտեան շրջանի աւարտականի երկրորդ ճակատումը, որուն ընթացքին գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ դարձեալ հիւրընկալեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզը: Եթէ առաջին մրցումին Ուորիըրզ արձանագրած էր հանգիստ յաղթանակ մը (116-94), երէկուան այս մրցումին այդ յաղթանակը արձանագրեց քիչ մը դժուարութեամբ` 114-111 արդիւնքով: Սթեֆըն Քարի Յաղթական կազմին մարզիկներէն Սթեֆըն Քարի նշանակեց 37 կէտ (առաջին մրցումին` 36 կէտ),...

Մեսսի Ստացաւ Քաթալոնիոյ Բարձրագոյն Պարգեւներէն Մէկը

Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի ստացաւ Քաթալոնիոյ բարձրագոյն պարգեւներէն մէկը` Սան Ժորտիի խաչը, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Մեսսի Պարսելոնայի պատմութեան մէջ դարձաւ երկրորդ ֆութպոլիստը, որ արժանացաւ այս պատիւին: Պարսելոնայէն անոր արժանացած առաջին անձը նախկին մարզիկ եւ մարզիչ հոլանտացի Եոհան Քրոյֆն էր: «Հպարտ եմ ստացած այս պարգեւիս համար, որովհետեւ անիկա մեծ նշանակութիւն ունի ինծի համար», ըսաւ Մեսսի: Ընթացիկ տարեշրջանին Մեսսի 48...

Փորթօ Մտադիր Է Ձեռք Ձգել Ռէալ Մատրիտի Բերդապահը

«Սփորթ-Մետիասեթ» կը հաղորդէ, որ փորթուգալեան Փորթօ ֆութպոլի ակումբը մտադիր է ձեռք ձգել Ռէալ Մատրիտի բերդապահ Քէյլոր Նաւասը: 32 տարեկան քոսթա ռիքացի բերդապահը իր դիրքը կորսնցուցած է արքայական ակումբին մէջ եւ նկատի կ՛առնուի իբրեւ պահեստի մարզիկ` մարզիչ Զինետին Զիտանի կողմէ: Փորթօ փոխարինող մը կը փնտռէ սպանացի Իքեր Քասիասին, որ կէս տարի պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն իր ունեցած սրտի կաթուածէն ետք վիրաբուժութեան...

Պելճիքական Ֆութպոլ. Կենք Հանդիսացաւ Ախոյեան

Պելճիքայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի աւարտէն մէկ հանգրուան առաջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Կենք ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը, հակառակ անոր որ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Անտըրլեխթի հետ: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Կենք ունեցաւ 51 կէտ, մինչ անոր ամէնէն մօտիկ մրցակիցին` երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Ֆ. Ք. Պրիւժի կէտերը մնացին 47, նկատի ունենալով, որ անիկա 2-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Սթանտար Լիեժէն:...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Կարգ Մը Մրցումներու Շուրջ Քննութիւն Բացուեցաւ

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը նախ եւ առաջ շնորհաւորեց պիչ-ֆութպոլի ազգային խումբը, որ տիրացաւ Թայլանտի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին: Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ 2018-2019 տարեշրջանին գծով տեղի ունեցած կարգ մը մրցումներուն շուրջ քննութիւններու սկսած է` որոշ բացայայտումներ կատարելու գլխաւոր նպատակով: Հաշեմ Հայտար, Մահմուտ Ռապհա եւ Ժիհատ Շըհաֆ 4 յունիսին Փարիզի մէջ (Ֆրանսա) իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ՖԻՖԱ-ի յատուկ նիստի...

Լիբանանի Փինկ Փոնկի Նոր Ֆետերասիոնին  Ընտրութիւնները` 12 Դեկտեմբերին

Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոնի Ժողով. Տղոց Ա. Դասակարգի Խմբային Ախոյեանութիւնը Պիտի Սկսի 11 Յուլիսին

Իր գումարած ժողովին ընթացքին Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը քննարկեց իր օրակարգին վրայ եղող հարցերը եւ տուաւ համապատասխան որոշումներ: Ֆետերասիոնը հաւանութիւն տուաւ, որ Լիբանանի կազմը իր մասնակցութիւնը բերէ 11-14 սեպտեմբերին Մալթայի մէջ կատարուելիք միջազգային մրցաշարքին: Մարոքի մէջ տեղի ունենալիք կրտսերներու միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ճենիֆըր Խայեաթ (12-16 յունիս): Ֆետերասիոնը շնորհակալութիւն յայտնեց Նատա Ապտելնուրին, որ տասը տարի գործակցեցաւ ֆետերասիոնին հետ:...

Պասքեթպոլ  «Ճունիոր Էն. Պի. Էյ.» – «Էլ. Էյ. Եու.» Մրցաշարքի Բ. Հանգրուանի Մրցումները Կատարուեցան

Պասքեթպոլ «Ճունիոր Էն. Պի. Էյ.» – «Էլ. Էյ. Եու.» Մրցաշարքի Բ. Հանգրուանի Մրցումները Կատարուեցան

Հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, տեղի ունեցան «Ճունիոր Էն. Պի. Էյ.»- «Էլ. Էյ. Եու.» մրցաշարքին Բ. հանգրուանի մրցումները` բաւական խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն տղոց եւ աղջկանց 14 տարեկանէն վար խառն խումբերու աշակերտները: Այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ մայիս-յունիս ամիսներուն: Անիկա բաժնուած պիտի ըլլայ երկու բաժինի եւ վեց խմբակի` գրեթէ «Էն. Պի. Էյ.»-ին ընթացքին կիրարկուած ձեւով: Իւրաքանչիւր բաժինի...

Անթոնիօ Ֆլորես 24 Ֆութպոլիստներ Հրաւիրեց Հայաստանի Երիտասարդական Հաւաքական

Անթոնիօ Ֆլորես 24 Ֆութպոլիստներ Հրաւիրեց Հայաստանի Երիտասարդական Հաւաքական

21-23 մայիսին Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականը (21 տարեկանէն վար) եռօրեայ հաւաք մը կը կատարէ Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ գլխաւոր մարզիչ Անթոնիօ Ֆլորես հետեւեալ 24 ֆութպոլիստները հրաւիրեց այդ հաւաքին. ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Սեւակ Ասլանեան (Փիւնիկ), Նիքոլաոս Մելիքեան (Արարատ-Արմենիա) եւ Մարք Գրիգորեան (Տոնաու-Վիեննա, Աւստրիա): ՅԵՏՍԱՊԱՀՆԵՐ.- Ալպերթ Խաչումեան, Արման Ասիլեան (Արարատ-Արմենիա), Հայկ Սարգսեան (Արարատ), Յովհաննէս Նազարեան, Արթուր Ստեփանեան...

Թոքիօ-32-րդ Ամառնային Ողիմպիական. «Էյ. Ի. Պի. Էյ.» – Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէ Բանակցութիւններ

Արհեստավարժ կռփամարտի միջազգային ֆետերասիոնին («Էյ. Ի. Պի. Էյ.») եւ միջազգային ողիմպիական կոմիտէին միջեւ բանակցութիւններու վերջին փուլը տեղի պիտի ունենայ 20 մայիսին: 22 մայիսին Լոզանի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունենալիք Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նիստին ընթացքին պիտի հրապարակուի վերջնական որոշումը` կռփամարտի մարզաձեւը Թոքիոյի մէջ տեղի ունենալիք 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերու ծրագիրին մէջ պահելու առնչութեամբ: Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Թոմաս Պախ ըսաւ, թէ կ՛ուզենք...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Սկսաւ Համագործակցութեան Մը` «Սինեմա-Սթար»-ի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ ֆետերասիոնը սկսած է համագործակցութեան մը` «Սինեմա-Սթար»-ի հետ: Այսուհետեւ անիկա պիտի ըլլայ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին գործընկերը: 14-27 յուլիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք 19 տարեկանէն վար Եւրօ-2019-ի ախոյեանութեան բոլոր մրցումները ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուին մեծ պաստառի վրայ:

«Եւրոպայի Լիկա». Արսենալ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Կը Քննադատէ Աւարտական Մրցումը Պաքուի Մէջ Կատարելու Համար

Պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակելով լոնտոնեան Արսենալ ֆութպոլի ակումբը իր դժգոհութիւնը յայտնեց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին, որովհետեւ անիկա «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական մրցումը որոշեց կայացնել 29 մայիսին Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ: Արսենալ բողոքեց, որովհետեւ փոխադրութեան սահմանափակումներուն պատճառով «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Արսենալին պիտի տրամադրէ միայն վեց հազար տոմս` 60 հազար հանդիսատես հիւրընկալող դաշտին մէջ: «մենք ունինք 45 հազար համակիրներ, որոնք...

Իտալական Ֆութպոլ. Լացիօ Ռոմա Իտալիոյ Բաժակակիր` 7-րդ Անգամ Ըլլալով

Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի ողիմպիական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին, Լացիօ Ռոմա 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք Աթալանթայի դէմ, հանդիսացաւ տիտղոսակիր իր պատմութեան մէջ 7-րդ անգամ ըլլալով: Լացիօ Ռոմա իր երկու կոլերը նշանակեց շնորհիւ Սերկէյ Միլինքովիչ-Սաւիչի (82-րդ) եւ Խոաքին Քորիայի (90-րդ): Յայտնենք, որ Լացիօ Ռոմայի մարզիչն է Սիմոնէ Ինցակի:

Հոլանտական Ֆութպոլ. Այաքս Ամսթերտամ Հանդիսացաւ Հոլանտայի Ախոյեան

Հոլանտայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 33-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, Այաքս Ամսթերտամ 4-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Տէ Կրաֆսշափի, հանդիսացաւ Հոլանտայի 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեան: Նախքան իր այս մրցումը կատարելը, Այաքս արդէն իսկ ունէր 3 կէտի առաւելութիւն մը իր անմիջական մրցակիցին` ՓՍՎ Այնտհովընի վրայ, որ մնացեալ կազմերուն նման կատարած էր 34 մրցում: Այսպիսով, Այաքս տարեշրջանը աւարտեց 86 կէտով: Վերջին երեք դիրքերը գրաւող խումբերը`...

Page 703 of 1279 1 … 702 703 704 … 1,279

Արխիւներ