Պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակելով լոնտոնեան Արսենալ ֆութպոլի ակումբը իր դժգոհութիւնը յայտնեց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին, որովհետեւ անիկա «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական մրցումը որոշեց կայացնել 29 մայիսին Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ:
Արսենալ բողոքեց, որովհետեւ փոխադրութեան սահմանափակումներուն պատճառով «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Արսենալին պիտի տրամադրէ միայն վեց հազար տոմս` 60 հազար հանդիսատես հիւրընկալող դաշտին մէջ:
«մենք ունինք 45 հազար համակիրներ, որոնք տարեկան բաժնորդագրութիւն ունին մեզի հետ: Արդեօք այդ վեց հազար տոմսը որո՞ւն բաժին պիտի իյնայ, շուարած վիճակ մը կը տիրէ մեր մօտ: Մեր համակիրներէն ստացանք բազմաթիւ բողոքներ, զորս ամբողջութեամբ կը կիսենք անոնց հետ:
«Հետեւաբար, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կոչ կ՛ուղղենք հաշուի առնել տրամաբանութիւնը եւ համակիրներուն ցանկութիւնը` աւարտականի մրցումներուն կայացման վայրը ընտրելու ընթացքին, որովհետեւ պատահածը անընդունելի է եւ պէտք չէ կրկնուի հետագային», նշուեցաւ Արսենալի հաղորդագրութեան մէջ: