Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանը ՀՄԸՄ Պէյրութ – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցումով հասաւ իր աւարտին:
Այս մրցումը, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի ճշդէր, թէ ո՛ր խումբը պիտի հանդիսանայ երրորդ:
Երրորդ դիրքի այս մրցումին, ՀՄԸՄ Պէյրութ արձանագրեց 68-63 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Բ. դասակարգի ախոյեան հանդիսացաւ Պէյրութ, որ աւարտականի ճակատումին գերազանցեց Սքուատրան: