«Սփորթ-Մետիասեթ» կը հաղորդէ, որ փորթուգալեան Փորթօ ֆութպոլի ակումբը մտադիր է ձեռք ձգել Ռէալ Մատրիտի բերդապահ Քէյլոր Նաւասը:
32 տարեկան քոսթա ռիքացի բերդապահը իր դիրքը կորսնցուցած է արքայական ակումբին մէջ եւ նկատի կ՛առնուի իբրեւ պահեստի մարզիկ` մարզիչ Զինետին Զիտանի կողմէ:
Փորթօ փոխարինող մը կը փնտռէ սպանացի Իքեր Քասիասին, որ կէս տարի պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն իր ունեցած սրտի կաթուածէն ետք վիրաբուժութեան ենթարկուելուն համար:
Նաւաս այս տարեշրջանին իր ակումբին հետ կատարեց 20 մրցում: Ան իր բերդին մէջ ստացաւ 19 կոլ, մինչ 7 մրցումի ընթացքին իր բերդը պահեց անառիկ: