Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի ողիմպիական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին, Լացիօ Ռոմա 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք Աթալանթայի դէմ, հանդիսացաւ տիտղոսակիր իր պատմութեան մէջ 7-րդ անգամ ըլլալով:
Լացիօ Ռոմա իր երկու կոլերը նշանակեց շնորհիւ Սերկէյ Միլինքովիչ-Սաւիչի (82-րդ) եւ Խոաքին Քորիայի (90-րդ):
Յայտնենք, որ Լացիօ Ռոմայի մարզիչն է Սիմոնէ Ինցակի: