Հոլանտայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 33-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, Այաքս Ամսթերտամ 4-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Տէ Կրաֆսշափի, հանդիսացաւ Հոլանտայի 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեան:
Նախքան իր այս մրցումը կատարելը, Այաքս արդէն իսկ ունէր 3 կէտի առաւելութիւն մը իր անմիջական մրցակիցին` ՓՍՎ Այնտհովընի վրայ, որ մնացեալ կազմերուն նման կատարած էր 34 մրցում:
Այսպիսով, Այաքս տարեշրջանը աւարտեց 86 կէտով:
Վերջին երեք դիրքերը գրաւող խումբերը` Էքսելսիոր, Տէ Կրաֆսշափ եւ Պրետա, փոխադրուեցան Բ. դասակարգ: