Այս շաբաթավերջին կը յստականան Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին հասնող երկու խումբերուն անունները, երբ տեղի ունենան կիսաւարտականի ճակատումները:
Այսօր` շաբաթ, 18 մայիսին, գիշերուան ժամը 22:30-ին, «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ Անսար կը մրցի Ախա Ահլի Ալէյի դէմ:
Իսկ կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումը տեղի կ՛ունենայ վաղը` կիրակի, 19 մայիսին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, երբ Ահտ կը մրցի Ռասինկի դէմ:
Եթէ անակնկալներ չպատահին, կը կարծուի, որ աւարտականին իրարու դէմ պիտի մրցին Անսար եւ Ահտ: