Հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, տեղի ունեցան «Ճունիոր Էն. Պի. Էյ.»- «Էլ. Էյ. Եու.» մրցաշարքին Բ. հանգրուանի մրցումները` բաւական խանդավառ մթնոլորտի մէջ:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն տղոց եւ աղջկանց 14 տարեկանէն վար խառն խումբերու աշակերտները:
Այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ մայիս-յունիս ամիսներուն:
Անիկա բաժնուած պիտի ըլլայ երկու բաժինի եւ վեց խմբակի` գրեթէ «Էն. Պի. Էյ.»-ին ընթացքին կիրարկուած ձեւով:
Իւրաքանչիւր բաժինի առաջին չորս դիրքերը գրաւածները կ՛անցնին Բ. հանգրուան, որմէ ետք իւրաքանչիւր բաժինի առաջին դիրքերը գրաւող երկու խումբերը կը հասնին աւարտականին:
Լուսանկարները Տրամադրեց
ՔՐԻՍԹԵԼ ՍԱՆԵՀ