Երէկ տեղի ունեցաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան արեւմտեան շրջանի աւարտականի երկրորդ ճակատումը, որուն ընթացքին գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ դարձեալ հիւրընկալեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզը:
Եթէ առաջին մրցումին Ուորիըրզ արձանագրած էր հանգիստ յաղթանակ մը (116-94), երէկուան այս մրցումին այդ յաղթանակը արձանագրեց քիչ մը դժուարութեամբ` 114-111 արդիւնքով:

Յաղթական կազմին մարզիկներէն Սթեֆըն Քարի նշանակեց 37 կէտ (առաջին մրցումին` 36 կէտ), մինչ մրցակից կազմէն Տեմիըն Լիլարտ` 23 կէտ:
Այժմ 2-0 արդիւնքով ուշացած Պլէյզըրզ երրորդ եւ չորրորդ մրցումները պիտի հիւրընկալէ իր դաշտին վրայ:
Արեւելեան շրջանի աւարտական ճակատումը` Միլուոքի Պաքսի եւ Թորոնթօ Ռեփթըրզի միջեւ, կ՛ընթանայ 1-0 արդիւնքով, ի նպաստ Պաքսի, որ առաջին մրցումին արձանագրեց 108-100 արդիւնքով յաղթանակ մը: