Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ ֆետերասիոնը սկսած է համագործակցութեան մը` «Սինեմա-Սթար»-ի հետ:
Այսուհետեւ անիկա պիտի ըլլայ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին գործընկերը:
14-27 յուլիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք 19 տարեկանէն վար Եւրօ-2019-ի ախոյեանութեան բոլոր մրցումները ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուին մեծ պաստառի վրայ: