Իր գումարած ժողովին ընթացքին Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը քննարկեց իր օրակարգին վրայ եղող հարցերը եւ տուաւ համապատասխան որոշումներ:
Ֆետերասիոնը հաւանութիւն տուաւ, որ Լիբանանի կազմը իր մասնակցութիւնը բերէ 11-14 սեպտեմբերին Մալթայի մէջ կատարուելիք միջազգային մրցաշարքին:
Մարոքի մէջ տեղի ունենալիք կրտսերներու միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ճենիֆըր Խայեաթ (12-16 յունիս):
Ֆետերասիոնը շնորհակալութիւն յայտնեց Նատա Ապտելնուրին, որ տասը տարի գործակցեցաւ ֆետերասիոնին հետ: Այժմ ֆետերասիոնի թեքնիք գործերը պիտի կատարէ Նենսի Ասմար:
Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Լիբանանի Ա. դասակարգի ակումբներու 2019-ի ախոյեանութեան սկզբնաւորութեան թուականի փոփոխութիւն կատարուեցաւ:
Փոխան 9 յուլիսին, անիկա պիտի սկսի 11 յուլիսին: