Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի ստացաւ Քաթալոնիոյ բարձրագոյն պարգեւներէն մէկը` Սան Ժորտիի խաչը, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Մեսսի Պարսելոնայի պատմութեան մէջ դարձաւ երկրորդ ֆութպոլիստը, որ արժանացաւ այս պատիւին: Պարսելոնայէն անոր արժանացած առաջին անձը նախկին մարզիկ եւ մարզիչ հոլանտացի Եոհան Քրոյֆն էր:
«Հպարտ եմ ստացած այս պարգեւիս համար, որովհետեւ անիկա մեծ նշանակութիւն ունի ինծի համար», ըսաւ Մեսսի:
Ընթացիկ տարեշրջանին Մեսսի 48 մրցումի ընթացքին նշանակեց 48 կոլ եւ կատարեց 22 էսիսթ: