Պելճիքայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի աւարտէն մէկ հանգրուան առաջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Կենք ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը, հակառակ անոր որ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Անտըրլեխթի հետ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Կենք ունեցաւ 51 կէտ, մինչ անոր ամէնէն մօտիկ մրցակիցին` երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Ֆ. Ք. Պրիւժի կէտերը մնացին 47, նկատի ունենալով, որ անիկա 2-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Սթանտար Լիեժէն:
Յառաջիկայ տարեշրջանին Կենք պիտի մասնակցի «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին խմբակներու դրութեամբ կատարուող մրցումներուն, մինչ Ֆ. Ք. Պրիւժ` անոր զտումի մրցաշարքին: