Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ խումբի խմբապետ Վենսան Քոմփանի կը հեռանայ իր կազմէն:
33 տարեկան պելճիքացին, որ 2008-էն ի վեր մաս կը կազմէ Սիթիին, յայտնեց, որ յառաջիկայ երեք տարիներուն մարզիկ-մարզիչի պաշտօն պիտի կատարէ Անտըրլեխթի հետ:
Քոմփանի 2003-էն 2006 մաս կազմած է Անտըրլեխթին (Պելճիքա), իսկ 2006-էն 2008` Համպուրկին (Գերմանիա):