Հաւանական է, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան մերժէ Պաքու մեկնիլ իր ակումբին` Արսենալի հետ, 29 մայիսին մասնակցելու Չելսիի դէմ տեղի ունենալիք «Եւրոպայի-լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականին:
Նշանաւոր ֆութպոլիստին երկրպագուները «Թուիթըր»-ի իրենց էջին վրայ գրած են, որ եթէ քաղաքական պատճառներով Արսենալ առանց Հենրիխ Մխիթարեանի մեկնի Պաքու, իրենք բողոքի քայլի պիտի դիմեն եւ մրցումի 7-րդ ու 77-րդ վայրկեաններուն Արսենալի 6000 համակիրները Մխիթարեանի դիմակներ պիտի պարզեն` իբրեւ զօրակցութիւն իրենց սիրած մարզիկին: