Մարզական

Միջազգային Ֆութպոլ. Չաւի Կատարեց Իր Արհեստավարժ Ասպարէզին Վերջին Մրցումը

Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Չաւի կատարեց իր արհեստավարժ ասպարէզին վերջին մրցումը` քաթարեան Սատ խումբին հետ: 39 տարեկան Չաւի իրանեան Փերսեփոլիս խումբին դէմ (Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարք) իր վերջին մրցումը կատարելով, 2-0 արդիւնքով պարտութեամբ մը հրաժեշտ տուաւ ֆութպոլին: Սակայն ան պիտի մնայ Քաթարի մէջ եւ պիտի զբաղի մարզիչի ասպարէզով: Ան թէ՛ Պարսելոնայի, թէ՛ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին...

Սթիւ Քլարք Նշանակուեցաւ Սկովտիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ

Սկովտիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նոր գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Սթիւ Քլարք, յայտնեց երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: 55 տարեկան Քլարք անցեալին եղած է Ժոզէ Մուրինիոյի օգնականը` Չելսիի մէջ, Ճիանֆրանքօ Ցոլայի օգնականը` Ուեսթ Համի մէջ, իսկ Քենի Տալկլիշի օգնականը` Լիվըրփուլի մէջ: Այնուհետեւ ան եղած է Ուեսթ Պրոմուիչի եւ Ռիտինկի մարզիչ: Անոր վերջին խումբն է Քիլմարնոքը, որ Սկովտիոյ ֆութպոլի նախորդ ախոյեանութեան գրաւեց երրորդ...

Պոլիվիոյ Մէջ Իրաւարար Մը Մահացաւ Մրցումի Մը Ընթացքին

Օլուէյզ Ռետի - Օրիենթէ Փեթրոլերօ մրցումին, որ կ՛իյնայ Պոլիվիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, օրուան կեդրոնի իրաւարարը` Վիքթոր Հիւկօ Հուրթատօ (32 տարեկան), անակնկալօրէն գետին իյնալով (47-րդ վայրկեանին) մահացաւ: Երկու խումբերուն բժիշկները չկրցան փրկել անոր կեանքը: Ան անգիտակից վիճակի մէջ փոխադրուելով հիւանդանոց` մահացաւ: Այս մրցումը կիսատ չմնաց, որովհետեւ պահեստի իրաւարարը փոխարինեց յանկարծամահ եղած իր գործընկերը: Դաշտին տէրերը...

Թեքուանտօ. Հապիպ Զարիֆէ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Միջազգային Ֆետերասիոնի Նախագահին Հետ

Անգլիական Մանչեսթըր քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի թեքուանտոյի ախոյեանութեան մրցումներուն զուգահեռ, Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ հանդիպում մը ունեցաւ Թեքուանտոյի միջազգային ֆետերասիոնի նախագահ Չունկ Ուուն Շուի հետ: Այս հանդիպումին քննարկուեցան թեքուանտոյի մարզը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի փափաքը, որպէսզի կարենայ իրաւունք ստանալ հիւրընկալելու 2020-ի Ասիոյ ախոյեանութիւնը: Թեքուանտոյի միջազգային ֆետերասիոնի հարաւային քորէացի նախագահը բարձր գնահատեց Զարիֆէի տարած աշխատանքը` Լիբանանի մէջ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Տղոց 16 Տարեկանէն Վար Խումբը` Յաղթական

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց տարիքային ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Անթիլիասի 16 տարեկանէն վար կրտսերներու խումբը բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Ամալ Հատաս Ժըպպէ խումբին դէմ` 64-44 արդիւնքով: Այս մրցումը, որ տեղի ունեցաւ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ), ՀՄԸՄ-ի կազմին համար եղաւ առաջինը` այս ախոյեանութեան գծով: Կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկային տեղի ունենալիք մրցումներուն եւս խումբը արձանագրէ յաջորդական յաղթանակներ:

Լուէյզի Զուք Մոսպեհ Կազմակերպեց Տարեկան Իր Ընթրիքի Երեկոն

Լուէյզի Զուք Մոսպեհ Կազմակերպեց Տարեկան Իր Ընթրիքի Երեկոն

Յատուկ հրաւիրեալներու ներկայութեան, Լուէյզի Զուք Մոսպեհ ակումբը «Փլազա Փալաս»-ի մէջ կազմակերպեց տարեկան իր ընթրիքի երեկոն`` նախագահութեամբ ակումբի նախագահ Զիատ Անթունին: Իր խօսքին մէջ հայր Զիատ Անթոն բարձր գնահատեց ակումբին մարզիկներուն ձեռք ձգած բոլոր յաջողութիւններն ու նուաճումները բոլոր տեսակի մարզաձեւերուն մէջ, միեւնոյն ժամանակ ալ անոնց մաղթելով նորանոր նուաճումներ` յառաջիկային տեղի ունենալիք ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն ընթացքին:  

Սամպօ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Անյաջող Աւարտականներ` Հայ Մարզիկներուն Համար

Թէեւ Հայաստանի սամպոյի ազգային հաւաքականը լաւ ձեւով սկսաւ սպանական Խիխոն քաղաքին մէջ սկսած Եւրոպայի սամպոյի ախոյեանութիւնը, սակայն հայ մարզիկներուն համար աւարտը եղաւ բաւական անյաջող` նկատի ունենալով, որ հակառակ անոր որ Մաքսիմ Մանուկեան (62 քկ), Վահագն Չալեան (82 քկ) եւ Ճոն Բալայեան (52 քկ) հասան աւարտականին, սակայն անոնք երեքն ալ պարտութիւն կրելով բաւականացան արծաթ մետալներով: Այսպիսով, Հայաստանի հաւաքականը Եւրոպայի ախոյեանութենէն կը...

Թենիս. Նատալ Յաղթեց Ճոքովիչին Եւ Պաշտպանեց Տիտղոսը

Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ տեղի ունեցած թենիսի «Մասթըրզ»-ի միջազգային մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ տղոց աւարտական ճակատումը: Աշխարհի ընդհանուր դասաւորման մէջ երրորդ դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ պաշտպանեց տիտղոսը, երբ յաջողեցաւ իր յաղթանակը արձանագրել, աշխարհի թիւ 1 դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչի դէմ` 6-0, 4-6 եւ 6-1 արդիւնքով: Այս մրցումը տեւեց 2 ժամ 29 վայրկեան: Այս...

Եւրօ-2020. Հրապարակուեցան Մրցումներու Տոմսերուն Գիները

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը նախորդ շաբաթավերջին հրապարակեց Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներու տոմսերուն գիները: Ամէնէն աժան տոմսերուն գինն է 30 եւրօ` խմբային հանգրուանի եւ Պուքրեշի, Պաքուի եւ Պուտափեշթի մէջ տեղի ունենալիք քառորդ աւարտական մրցումներուն համար: Ամէնէն սուղը Լոնտոնի մէջ (Անգլիա) տեղի ունենալիք տոմսերուն գինն է, որ կը հասնի մինչեւ 945 եւրոյի: Տոմսերուն վաճառքը պիտի սկսի (առաջին փուլ) 12...

Մեսսի Կրկնեց Հաստատուած Մրցանիշը` Սպանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութեան

Ինչպէս ծանօթ է, Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա-լիկա»-ի վերջին հանգրուանի վերջին` Էյպար - Պարսելոնա մրցումին (2-2), Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի դարձաւ տուպլէի հեղինակ: Ան տարեշրջանը աւարտելով 36 կոլով, հանդիսացաւ երկրին լաւագոյն ռմբաձիգը: Անոր ետին, 21-ական կոլ նշանակեցին Լուիս Սուարեզ (Պարսելոնա) եւ Քարիմ Պենզեմա (Ռէալ Մատրիտ): Մեսսի, որ յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով կը հանդիսանայ երկրին կոլսքորըրը, կրկնեց Թելմօ Սարայի մրցանիշը, որով ընդհանուր...

Թոնի Քրուս Մէկ Տարիով Երկարաձգեց Իր Պայմանագրութիւնը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Թոնի Քրուս մէկ տարիով երկարաձգեց Ռէալ Մատրիտի հետ իր գործող պայմանագրութիւնը, յայտնեց անոր ակումբին պաշտօնական կայքը: 29 տարեկան ֆութպոլիստին նոր պայմանագրութիւնը այժմ նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2023: Ան 2014-ի ամրան փոխան 25 միլիոն եւրոյի Պայէրն Միւնիխէն միացած էր Ռէալ Մատրիտին: Ան այս տարեշրջանին արքայական ակումբին հետ 43 մրցումի ընթացքին նշանակեց կոլ մը միայն եւ...

Ռուսական Ֆութպոլ. Քրասնոտար Առաջին Անգամ Ըլլալով Ապահովեց «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի Տոմս Մը

Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 29-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, Քրասնոտար, որ հիւրը եղաւ Արսենալ Թուլայի, 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով, իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ապահովեց «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի իր տոմսը: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Քրասնոտար նուազագոյնը ապահովեց երրորդ դիրքը` կոլ-էվըրէյճի տարբերութեամբ ետ մնալով Լոքոմոթիւ Մոսկուայէն, որ իր կարգին ունի 53 կէտ: Ախոյեան հանդիսացաւ Զենիթ Ս....

«Էն. Պի. Էյ.» Պաքս – Ռեփթըրզ` 2-1. Ուորիըրզ – Պլէյզըրզ` 3-0

«էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին կատարուած կիսաւարտականի ճակատումներուն գծով, Թորոնթօ Ռեփթըրզ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Միլուոքի Պաքսը, արձանագրեց 118-112 արդիւնքով յաղթանակ մը` երկրորդ երկարաձգումէն ետք սակայն: Քաուհի Լէոնարտ Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քաուհի Լէոնարտ նշանակեց 36 կէտ, մինչ պարտուած խումբէն Ճորճ Հիլ` 24 կէտ: Առաջին երկու մրցումներուն Պաքս արձանագրած էր երկու յաղթանակ: Ասիկա` արեւելեան շրջանի աւարտականին:...

Լիբանանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Անսար Եւ Ահտ Հասան Աւարտականին

Լիբանանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Անսար Եւ Ահտ Հասան Աւարտականին

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի ճակատումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան աւարտական հասնող երկու խումբերը: Անսար երկարաձգումէն ետք 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ախա Ահլի Ալէյը, Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին: Աւարտականին Անսար իր դէմ պիտի ունենայ Ահտը, որ երէկ Պհամտունի մէջ 4-1 արդիւնքով յաղթեց Ռասինկին:

Սամպօ. Տիգրան Կիրակոսեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Սպանական Խիխոն քաղաքին մէջ նախորդ շաբաթավերջին սկիզբ առաւ Եւրոպայի սամպոյի ախոյեանութիւնը: 52 քկ դասակարգի մրցումներու աւարտականին Հայաստանի ներկայացուցիչ Տիգրան Կիրակոսեան հանդիսացաւ ախոյեան` 2-1 արդիւնքով գերազանցելով իր ռուս մրցակիցը` Եւգենի Երիոմինը: Ան յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով կը հռչակուի Եւրոպայի ախոյեան: Ախոյեանութեան առաջին օրը պրոնզէ մետալներու տիրացան Ռաֆիկ Մանուկեան (68 քկ) եւ Պօղոս Բադալեան (57 քկ): Հայաստանի կազմը այս ախոյեանութեան կը մասնակցի...

Պունտըսլիկա.  Պայէրն Միւնիխ Ախոյեան` 29-րդ Անգամ Ըլլալով

Պունտըսլիկա. Պայէրն Միւնիխ Ախոյեան` 29-րդ Անգամ Ըլլալով

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Պունտըսլիկա»-ի 34-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներէն ետք է, որ միայն յստակացաւ երկրի ախոյեանին անունը: Պայէրն Միւնիխ պաշտպանեց Գերմանիոյ ախոյեանի տիտղոսը, երբ 5-1 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Այնթրախթ Ֆրանքֆորթին, 75 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան տեղի ունեցած այս մրցումին: Հինգ կոլերն ալ նշանակուեցան հետեւեալ մարզիկներու կողմէ. Քինկզլի Քոման (4-րդ), Տաւիտ Ալապա (53-րդ), Ռենաթօ Սանչես (58-րդ), Ֆրանք Ռիպերի (72-րդ) եւ Արժեն...

Ֆիտէ-Կրան-Փրի. Լեւոն Արոնեան Դուրս Մնաց Պայքարէն

Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան չյաջողեցաւ յաղթել ռուս Եան Նեփոմնիաշչիին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող ՖԻՏԷ-ի կրան-փրիի ճատրակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանին իր կատարած մրցումին: Արոնեան` որ առաջին մրցումին պարտութիւն կրած էր, երկրորդ դասական մրցումին ճերմակ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Նեփոմնիաշչիի հետ, որ քառորդ աւարտականին կը մրցի Չինաստանի ներկայացուցիչ Եի Վէյի դէմ: Վերջինս 1,5-0,5 արդիւնքով յաղթեց ռուս Տմիթրի Եաքովենքոյին: ՖԻՏԷ-ի կրան-փրիի ընդհանուր...

Ղազախական Ֆութպոլ. Տիգրան Բարսեղեան` Կոլի Հեղինակ

Ղազախստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն, 2-րդ դիրքը գրաւող Քայսար Քիզիլորտա իր դաշտէն դուրս արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան մեծ քառակուսիէն բաւական հեռու սքանչելի կոլով մը զգետնեց մրցակիցին բերդապահը` 10-րդ վայրկեանին: Անոր խմբակից Ճոշուա Ճոն նշանակեց Քայսարի յաղթանակի կոլը (74-րդ): Այժմ Քայսար հինգ կէտով ետ է առաջին դիրքը գրաւող Ասթանայէն, որ...

«Լա Լիկա». Պարսելոնա Տարեշրջանը Աւարտեց 87 Կէտով

Ռէալ Մատրիտ 12 Պարտութեամբ Հրաժեշտ Տուաւ Տարեշրջանին Էյպար - Պարսելոնա մրցումով երէկ յետմիջօրէին, իր աւարտին հասաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանը: Պարսելոնա, որ ախոյեանութեան տիտղոսը ապահովեց բաւական առաջ, 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն հիւրը եղաւ Էյպարի (12-րդ): Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի նշանակեց իր կազմին երկու կոլերը` մէկ վայրկեանի ընթացքին (31-րդ եւ 32-րդ), եւ անոր կազմը արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն...

«Եւրոպայի Լիկա». Պաքու Յաւելեալ 10 Հազարական Տոմս Կը Տրամադրէ Արսենալին Եւ Չելսիին

Ազրպէյճանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը Արսենալին եւ Չելսիին հաւաստիացուց, որ «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին աւարտականի մրցումին համար իւրաքանչիւր ակումբի համար պիտի տրամադրէ 10 հազար յաւելեալ տոմս, եթէ այդ ակումբները կամ զբօսաշրջութեան ընկերութիւնները կազմակերպեն պտոյտներ` Լոնտոնէն Պաքու: Աւարտականի մրցումին մարզադաշտը կրնայ հիւրընկալել 68.700 հանդիսատես: «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն իւրաքանչիւր ակումբի տրամադրած էր 6 հազարական տոմս, ինչ որ ակումբներուն մօտ դժգոհութիւն յառաջացուցած էր: «Տէյլի-Մէյլ»...

Page 702 of 1279 1 … 701 702 703 … 1,279

Արխիւներ