Մարզական

ՖԻՖԱ-ն Իրանէն Պահանջեց Կիներուն Թոյլ Տալ Ներկայ Գտնուիլ Տղոց Մրցումներուն

ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ Իրանի իշխանութիւններէն պահանջեց կատարել իր տուած խոստումը եւ թոյլ տալ կիներուն ներկայ գտնուիլ տղոց կատարած ֆութպոլի մրցումներուն: «Դժբախտաբար, Իրան չյարգեց մարտ 2018-ին իր տուած խոստումը: Իրանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին եւ պետական անձնաւորութիւններուն խորհուրդ կու տամ, որ մինչեւ 15 յուլիս միջոցներու դիմեն, որպէսզի Իրանի բոլոր կին քաղաքացիներուն եւ այդ երկիրը այցելած օտար կիներուն արտօնեն, որ կարենան 2022-ի մոնտիալի...

Ֆիլիփօ Ինցակի Նշանակուեցաւ Պենեւենթոյի Մարզիչ

45 տարեկան Ֆիլիփօ Ինցակի նշանակուեցաւ Պենեւենթոյի գլխաւոր մարզիչ, յայտնեց իտալական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Կողմերը կնքեցին մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը: Թէեւ Իտալիոյ Բ. դասակարգի աւարտած ախոյեանութեան Պենեւենթօ գրաւեց դասաւորման երրորդ դիրքը, սակայն չյաջողեցաւ բարձրանալ Ա. դասակարգ («Քալչիօ»)` փլէյ-օֆի մրցումներուն պարտութիւն կրելով Զիթատելլայէն: Ֆիլիփօ Ինցակի նախապէս եղած է Ա. Սէ. Միլանի եւ Պոլոնիայի մարզիչ:  

6 Տարուան Բացակայութենէ Մը Ետք. Մայորքա Վերադարձաւ «Լա Լիկա»

Սպանիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի դարձի մրցումին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Մայորքա եւ Տեփորթիւօ Քորունա ճակատեցան իրարու դէմ: Երթին Տեփորթիւօ Քորունա 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր եւ կը մնար գլխաւոր թեկնածուն «Լա լիկա» վերադառնալու: Սակայն պատահեցաւ հակառակը, եւ «Լա լիկա» բարձրացողը հանդիսացաւ Մայորքա, որ իր դաշտին վրայ արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Այսպիսով, վեց տարուան բացակայութենէ մը ետք,...

Փիթըր Չեխ Նշանակուեցաւ Չելսիի Թեքնիք Տնօրէն

Չեխիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ լոնտոնեան Չելսիի նախկին բերդապահ Փիթըր Չեխ նշանակուեցաւ անգլիական ակումբի թեքնիք տնօրէն, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը: Չեխ, որ 2004-էն 2015 ելոյթ ունեցած է լոնտոնեան կազմին հետ, ըսաւ, թէ իրեն համար մեծ պատիւ է Չելսի վերադառնալը:

«Քոփա Ամերիքա». Արժանթին Քոլոմպիոյ Հետ Ապահովեց Քառորդ Աւարտականին Իր Տոմսը

Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի ծիրին մէջ, Բ. խմբակին մաս կազմող Արժանթին, որ արձանագրեց մրցաշարքի իր առաջին յաղթանակը, յաջողեցաւ պարագլուխի դիրքը գրաւող Քոլոմպիոյ հետ ապահովել քառորդ աւարտականի իր տոմսը: Արժանթին յաղթեց Քաթարին (2-0), մինչ Քոլոմպիա` Փարակուէյին (1-0): Եթէ պատահէր, որ Քոլոմպիա պարտութիւն կրէր, Արժանթին դուրս պիտի մնար մրցաշարքէն: Արժանթինի կոլերը նշանակեցին Լաութարօ Մարթինեզ (4-րդ) եւ Սերճիօ Ակուերօ...

ՀՄԸՄ-Ի Ֆութպոլի Միջմասնաճիւղային Մրցաշարք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Տիրացաւ Տիտղոսին

ՀՄԸՄ-Ի Ֆութպոլի Միջմասնաճիւղային Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Տիրացաւ Տիտղոսին

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած միջմասնաճիւղային ֆութպոլի մրցումները` հովանաւորութեամբ Ստեփան Տէր Պետրոսեանի, վերջ գտան շաբաթ, 22 յունիսին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի յաղթանակով (3-1 արդիւնքով): Այս մրցաշարքը, որ յաղթանակ էր ՀՄԸՄ-ի համար, եղաւ առաջինը տարիներէ ի վեր, որ քով-քովի բերաւ մասնաճիւղեր եւ մօտեցուց շրջաններ: 6 մասնաճիւղեր մասնակցեցան սոյն մրցաշարքին` Անթիլիաս, Այնճար, Ֆանար, Ռաուտա, Պէյրութ եւ Պուրճ Համուտ: Մօտիկ ապագային տարիքային մրցաշարքի ծրագիրներ...

Ֆութպոլ. Վեթերաններու Մրցաշարք. Այսօր` ՀՄԸՄ – Անսար

Հսկողութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին, Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ, այսօր եւ վաղը տեղի կ՛ունենան վեթերաններու ֆութպոլի մրցաշարքին վերաբերող երկուքական ճակատումներ: Այս մրցումները կ՛ընթանան բաւական հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք այն պարագան, որ ֆութպոլի անցեալի անուանի եւ փորձառու աստղեր իրարու դէմ յանդիման կու գան շուրջ 15 տարի ետք` դարձեալ իրենց անցեալի կազմերուն հետ: Յետմիջօրէի ժամը 17:15-ին իրարու դէմ կը...

Ասիոյ Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ա. Փոխնախագահ Ընտրուելուն Առիթով.  Աքրամ Հալապի  Ստացաւ Յատուկ Շնորհաւորանքներ

Ասիոյ Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ա. Փոխնախագահ Ընտրուելուն Առիթով. Աքրամ Հալապի Ստացաւ Յատուկ Շնորհաւորանքներ

Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի ընտրուեցաւ Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի Ա. փոխնախագահ: Ասկէ մեկնելով, ան շաբաթ, 22 յունիսին, «Լիքաա» պանդոկին մէջ (Ռապուէ) ընդունեց յատուկ շնորհաւորանքներ, յետմիջօրէի ժամը 15:00-էն 18:00: Հալապիին շնորհաւորական այցելութիւններ տուին Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեան, տարբեր ֆետերասիոններու, ակումբներու, միութիւններու նախագահներ, ներկայացուցիչներ, քաղաքական կուսակցութիւններու պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ: Բոլոր այցելուներն ալ,...

Մինսքի Մէջ Կատարուեցաւ Եւրոպական Երկրորդ Խաղերուն Պաշտօնական Բացումը.  Տիգրան Կիրակոսեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին Եւ Հանդիսացաւ Ախոյեան

Մինսքի Մէջ Կատարուեցաւ Եւրոպական Երկրորդ Խաղերուն Պաշտօնական Բացումը. Տիգրան Կիրակոսեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին Եւ Հանդիսացաւ Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի «Տինամօ» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ եւրոպական երկրորդ մարզական խաղերուն պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, որուն կը մասնակցի նաեւ Հայաստան: Խաղերը բացուած յայտարարեց Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալքսանտր Լուքաշենքօ: Անոր մասնակցող երկիրներու տողանցքին ընթացքին Հայաստանի դրօշակակիրը եղաւ կռփամարտիկ Յովհաննէս Բաչքով, ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր: Հայաստան այս խաղերուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ 37 մասնակիցով` հետեւեալ 9 մարզաձեւերուն մէջ: Ըմբշամարտ (յունահռոմէական եւ...

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Յարութիւն Յովհաննիսեան Կէտի Մը Տարբերութեամբ Պարտուեցաւ Աւարտականին

Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի պատանեկան ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութիւն Յովհաննիսեան տիրացաւ արծաթ մետալի: 48 քկ դասակարգին մէջ, հայ ըմբիշը աւարտականին կէտի մը տարբերութեամբ միայն պարտութիւն կրեց Պեսիր Ալիլիէն (Մակեդոնիա)` 7-6 արդիւնքով: Յովհաննիսեան կիսաւարտականին 3-2 արդիւնքով յաղթեց ազրպէյճանցի իր մրցակիցին` Ռամիք Հէյպաթովին: ՆՇԵՆՔ, որ երէկ գիշեր, Լեովա Գէորգեան 92 քկ դասակարգին մէջ տիրացաւ ոսկի մետալի մը, երբ...

«Քոփա-Ամերիքա». Պրազիլ, Վենեզուելա Եւ Չիլի Ապահովեցին Քառորդ Աւարտականի Իրենց Տոմսերը

Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող «Քոփա-Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին կատարուեցան շարք մը ճակատումներ: Ա. խմբակին մէջ, Պրազիլ եւ Վենեզուելա իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ ապահովեցին քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը: Պրազիլ 5-0 արդիւնքով յաղթեց Փերուին, իսկ Վենեզուելա` Պոլիվիոյ (3-1): Պրազիլի կոլերը նշանակեցին Քասեմիրօ (12-րդ), Ռոպերթօ Ֆիրմինօ (19-րդ), Էվըրթոն (32-րդ), Տենի Ալվես (53-րդ) եւ Ուիլիան (90-րդ): Անոնց խմբակից Կապրիել Ժեսուս մրցումին...

Պասքեթպոլ. Կրտսերներու Արաբական Ախոյեանութիւն.  Այսօր` Լիբանան – Թունուզ

Պասքեթպոլ. Կրտսերներու Արաբական Ախոյեանութիւն. Այսօր` Լիբանան – Թունուզ

Ինչպէս ծանօթ է, Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ տեղի կ՛ունենայ Արաբական պասքեթպոլի տղոց կրտսերներու (16 տարեկանէն վար) ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Լիբանանի տղոց ազգային խումբը: Լիբանան, որ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթեց Ալճերիոյ (88-52), մինչ երկրորդին պարտուեցաւ Եգիպտոսէն (71-63), ապա յաղթեց Պահրէյնի (81-36), իր չորրորդ մրցումը կը կատարէ այսօր, ժամը 16:00-ին, երբ կը ճակատի Թունուզի դէմ: Ա. հանգրուանի...

HMEM-VAHAN

ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Միջմասնաճիւղային Մրցաշարք. Այսօր Աւարտական Մրցումը` Պուրճ Համուտի Եւ Պէյրութի Միջեւ

Այսօր` շաբաթ, 22 յունիսին, «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ իր աւարտին կը հասնի ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի միջմասնաճիւղային մրցաշարքը, երբ յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին տեղի կ՛ունենայ աւարտական մրցումը` ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի միջեւ: Նախքան աւարտականի այս մրցումը, յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին տեղի պիտի ունենայ երրորդ դիրքի մրցումը` ՀՄԸՄ Ռաուտայի եւ ՀՄԸՄ Ֆանարի միջեւ: Աւարտական մրցումէն ետք, տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխութիւնը: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն...

Պասքեթպոլ.  Վաղը Կ՛աւարտի «Էլ. Էյ. Եու.» – «Էն. Պի. Էյ.» – Ժունիոր»-ի Մրցաշարքը

Պասքեթպոլ. Վաղը Կ՛աւարտի «Էլ. Էյ. Եու.» – «Էն. Պի. Էյ.» – Ժունիոր»-ի Մրցաշարքը

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հսկողութեամբ տեղի ունեցող «Էլ. Էյ. Եու.» - «Էն. Պի. Էյ.- Ժունիոր» պասքեթպոլի մրցաշարքը վաղը` կիրակի, 23 յունիսին, Ղազիրի դաշտին վրայ կը հասնի իր աւարտին, երբ տեղի կ՛ունենան երրորդ դիրքի, ինչպէս նաեւ աւարտական մրցումները: Կէսօրուան ժամը 12:00-ին տեղի պիտի ունենայ երրորդ դիրքի մրցումը: Յետմիջօրէի ժամը 13:30-ին` թրի փոյնթի մրցաշարքը: Յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին տեղի պիտի ունենայ աւարտական ճակատումը: Անոր...

Սուսերամարտ.  Եանա Եգորեան` Եւրոպայի Վեցակի Ախոյեան

Սուսերամարտ. Եանա Եգորեան` Եւրոպայի Վեցակի Ախոյեան

Ռուսիոյ սուսերամարտի հաւաքականին մաս կազմող հայազգի Եանա Եգորեան հանդիսացաւ Եւրոպայի վեցակի ախոյեան: Գերմանական Տիւսելտորֆ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի սուսերամարտի ախոյեանութեան աւարտականին ան 45-34 արդիւնքով յաղթեց հունգարացի իր մրցակիցին: Եգորեան 2016-ի Ռիոյի ողիմպիականի խաղերու կրկնակի ախոյեան է (անհատական եւ խմբային), իսկ 2016-ին` աշխարհի ախոյեան (խմբային):    

2019-ի Աղջկանց Մոնտիալ. Շաբաթավերջին Կը Կատարուին Փլէյ-Օֆի Մրցումները

Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող 2019-ի աղջկանց մոնտիալին, խմբակներու դրութեամբ կատարուող մրցումները հասան իրենց աւարտին եւ յստակացան փլէյ-օֆի մրցումներուն հասնող կազմերը: Ինչպէս ծանօթ է, այս հանգրուանը պիտի շարունակուի նաք-աութի դրութեամբ, եւ մրցումները կը խոստանան ըլլալ աւելի հետաքրքրական ու տաք: Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). ՇԱԲԱԹ ԺԱՄ Գերմանիա - Նիկերիա 18:30 Նորվեկիա - Աւստրալիա 22:00 ԿԻՐԱԿԻ   Անգլիա - Քամերուն 18:30...

Ֆեռնանտօ Թորես Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Ֆեռնանտօ Թորես երէկ յայտարարեց, թէ կու գայ վերջ մը դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին: Աւարտած այս տարեշրջանին ան մասնակցեցաւ Ճափոնի ֆութպոլի ախոյեանութեան: 35 տարեկան Թորես, որ 110 անգամ կրած է Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը` անոր հետ նշանակելով 38 կոլ, նախապէս մաս կազմած է նաեւ Աթլեթիքօ Մատրիտի, Չելսիի, Լիվըրփուլի եւ Ա. Սէ. Միլանի:  

Պասքեթպոլ. Քիրի Ըրվինկ Շատ Հաւանաբար Միանայ Պրուքլին Նեթցի

Ամերիկեան մարզական մամուլին համաձայն, «Էն. Պի. Էյ.»-ի կազմերէն Պրուքլին Նեթց շատ հաւանաբար իր կազմին միացնէ Քիրի Ըրվինկը: Նախապէս Պոսթըն Սելթիքսին մաս կազմող Ըրվինկ յայտարարած էր, որ 2019-2020 տարեշրջանին մաս պիտի կազմէ այլ խումբի մը: 27 տարեկան Ըրվինկ 30 յունիսին կ՛ունենայ ազատ մարզիկի կարգավիճակ: Թէեւ կը խօսուի, որ ան շատ հաւանաբար տեղափոխուի Նեթց, բայց Լոս Անճելըս Լէյքըրզ եւ Նիւ Եորք Նիքս...

«Քոփա Ամերիքա». Ուրուկուէյ – Ճափոն` 2-2

Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած Ուրուկուէյ - Ճափոն մրցումը աւարտեցաւ 2-2 հաւասարութեամբ: Ճափոն, որ իր կատարած առաջին մրցումին պարտութիւն մը կրած էր, ապահովեց մրցաշարքի իր առաջին կէտը: Քոժի Միոշի նշանակեց Ճափոնի երկու կոլերը, մինչ Ուրուկուէյի կոլերը նշանակեցին Լուիս Սուարեզ եւ Խոսէ Խիմենեզ: Ստորեւ` Գ. խմբակին դասաւորման պատկերը.   ՄՐՑ. ԿԷՏ 1.- Ուրուկուէյ...

Մարզիկներու Փոխանցման Համար. Մանչեսթըր Եունայթըտ Սոլսքիարին Տրամադրեց 112 Միլիոն Եւրօ

Անգլիական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի ղեկավարութիւնը ակումբի գլխաւոր մարզիչ, նորվեկիացի Օլեկունար Սոլսքիարին տրամադրած է 112 միլիոն եւրօ` մարզիկներու փոխանցման համար: Նշուեցաւ, որ այդ գումարէն բացի, խումբէն հեռացած եւ այլ կազմերու միացած մարզիկներէն ստացուած գումարը եւս պիտի տրամադրուի նորեկ մարզիկներու: Խումբէն արդէն իսկ հեռացած են Անթոնիօ Վալենսիա, Անտեր Հերերա եւ Ճէյմս Ուիլսըն: Անոնց կրնան միանալ նաեւ Ռոմելու Լուքաքու, Փոլ...

Page 690 of 1279 1 … 689 690 691 … 1,279

Արխիւներ