Ամերիկեան մարզական մամուլին համաձայն, «Էն. Պի. Էյ.»-ի կազմերէն Պրուքլին Նեթց շատ հաւանաբար իր կազմին միացնէ Քիրի Ըրվինկը:
Նախապէս Պոսթըն Սելթիքսին մաս կազմող Ըրվինկ յայտարարած էր, որ 2019-2020 տարեշրջանին մաս պիտի կազմէ այլ խումբի մը:
27 տարեկան Ըրվինկ 30 յունիսին կ՛ունենայ ազատ մարզիկի կարգավիճակ:
Թէեւ կը խօսուի, որ ան շատ հաւանաբար տեղափոխուի Նեթց, բայց Լոս Անճելըս Լէյքըրզ եւ Նիւ Եորք Նիքս եւս մօտէն հետաքրքրուած են Ըրվինկով: