Ֆեռնանտօ Թորես Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը
Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Ֆեռնանտօ Թորես երէկ յայտարարեց, թէ կու գայ վերջ մը դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
Աւարտած այս տարեշրջանին ան մասնակցեցաւ Ճափոնի ֆութպոլի ախոյեանութեան:
35 տարեկան Թորես, որ 110 անգամ կրած է Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը` անոր հետ նշանակելով 38 կոլ, նախապէս մաս կազմած է նաեւ Աթլեթիքօ Մատրիտի, Չելսիի, Լիվըրփուլի եւ Ա. Սէ. Միլանի:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական