Այսօր` շաբաթ, 22 յունիսին, «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ իր աւարտին կը հասնի ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի միջմասնաճիւղային մրցաշարքը, երբ յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին տեղի կ՛ունենայ աւարտական մրցումը` ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի միջեւ:
Նախքան աւարտականի այս մրցումը, յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին տեղի պիտի ունենայ երրորդ դիրքի մրցումը` ՀՄԸՄ Ռաուտայի եւ ՀՄԸՄ Ֆանարի միջեւ:
Աւարտական մրցումէն ետք, տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխութիւնը:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ երկու մրցումներուն ալ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի մարզիկները:


