Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինսքի Մէջ Կատարուեցաւ Եւրոպական Երկրորդ Խաղերուն Պաշտօնական Բացումը. Տիգրան Կիրակոսեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին Եւ Հանդիսացաւ Ախոյեան

June 24, 2019
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախորդ շաբաթավերջին Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի «Տինամօ» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ եւրոպական երկրորդ մարզական խաղերուն պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, որուն կը մասնակցի նաեւ Հայաստան:

Խաղերը բացուած յայտարարեց Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալքսանտր Լուքաշենքօ:

Անոր մասնակցող երկիրներու տողանցքին ընթացքին Հայաստանի դրօշակակիրը եղաւ կռփամարտիկ Յովհաննէս Բաչքով, ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր:

Հայաստան այս խաղերուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ 37 մասնակիցով` հետեւեալ 9 մարզաձեւերուն մէջ:

Ըմբշամարտ (յունահռոմէական եւ ազատ ոճի), կռփամարտ, մարմնամարզութիւն, ժիւտօ, սամպօ, հեծելարշաւ, թիավարութիւն եւ քանոյէ, հրացանաձգութիւն եւ պետմինթըն:

Ինչ կը վերաբերի տեղի ունեցած մրցումներուն, Տիգրան Կիրակոսեան Հայաստանին ապահովեց առաջին մետալը, երբ սամպոյի մրցումներուն (52 քկ) աւարտականին յաղթեց ազրպէյճանցի իր մրցակիցին` Ակհասիֆ Սամատովին (4-0 արդիւնքով) եւ հռչակուեցաւ ախոյեան:

Դաւիթ Գրիգորեան` Փոխախոյեան

Այս խաղերուն Հայաստանի համար առաջին մետալը ապահովեց Դաւիթ Գրիգորեան, որ սամպոյի մրցումներուն հասնելով աւարտականին 82 քկ դասակարգին մէջ պարտութիւն մը կրեց իր ռուս մրցակիցէն` Անտրէյ Փերեփելիուքէն, 7-0 արդիւնքով:

Հայաստանի այլ ներկայացուցիչ մը` Մաքսիմ Մանուկեան, 57 քկ դասակարգին մէջ պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին պարտութիւն մը կրեց 9-1 արդիւնքով:

Նախորդը

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Յարութիւն Յովհաննիսեան Կէտի Մը Տարբերութեամբ Պարտուեցաւ Աւարտականին

Յաջորդը

Ասիոյ Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ա. Փոխնախագահ Ընտրուելուն Առիթով. Աքրամ Հալապի Ստացաւ Յատուկ Շնորհաւորանքներ

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այս Հինգշաբթի` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ինմաա Տամուր
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այս Հինգշաբթի` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ինմաա Տամուր

January 6, 2026
Եւրոպական Ֆութպոլ.  Արսենալ Կը Սուրայ, Պարսելոնա Ինթէր Եւ Լանս Առաջին Մնացին
Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Արսենալ Կը Սուրայ, Պարսելոնա Ինթէր Եւ Լանս Առաջին Մնացին

January 6, 2026
Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Բուռն Պայքարէ Ետք Յաղթեց  Պաթրունին` 96-90 Արդիւնքով
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Բուռն Պայքարէ Ետք Յաղթեց Պաթրունին` 96-90 Արդիւնքով

January 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.