Անգլիական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի ղեկավարութիւնը ակումբի գլխաւոր մարզիչ, նորվեկիացի Օլեկունար Սոլսքիարին տրամադրած է 112 միլիոն եւրօ` մարզիկներու փոխանցման համար:
Նշուեցաւ, որ այդ գումարէն բացի, խումբէն հեռացած եւ այլ կազմերու միացած մարզիկներէն ստացուած գումարը եւս պիտի տրամադրուի նորեկ մարզիկներու:
Խումբէն արդէն իսկ հեռացած են Անթոնիօ Վալենսիա, Անտեր Հերերա եւ Ճէյմս Ուիլսըն: Անոնց կրնան միանալ նաեւ Ռոմելու Լուքաքու, Փոլ Փոկպա եւ Տաւիտ Տէ Ժէա:
Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, Մանչեսթըր Եունայթըտ աշխատանք կը տանի իր կազմին միացնելու Լայսթըր Սիթիի եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ Հերի Մակուայըրը: