ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ Իրանի իշխանութիւններէն պահանջեց կատարել իր տուած խոստումը եւ թոյլ տալ կիներուն ներկայ գտնուիլ տղոց կատարած ֆութպոլի մրցումներուն:
«Դժբախտաբար, Իրան չյարգեց մարտ 2018-ին իր տուած խոստումը: Իրանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին եւ պետական անձնաւորութիւններուն խորհուրդ կու տամ, որ մինչեւ 15 յուլիս միջոցներու դիմեն, որպէսզի Իրանի բոլոր կին քաղաքացիներուն եւ այդ երկիրը այցելած օտար կիներուն արտօնեն, որ կարենան 2022-ի մոնտիալի տոմսեր գնելով ներկայ գտնուիլ զտումի մրցումներուն, որոնք պիտի սկսին սեպտեմբեր 2019-ին», նշեց ՖԻՖԱ-ի նախագահը:
1979-ի իսլամական յեղափոխութենէն ի վեր կին դասակարգին արգիլուած է տղոց մասնակցութեամբ կատարուած բոլոր մրցումներուն ներկայ գտնուիլ: