Ֆիլիփօ Ինցակի Նշանակուեցաւ Պենեւենթոյի Մարզիչ
45 տարեկան Ֆիլիփօ Ինցակի նշանակուեցաւ Պենեւենթոյի գլխաւոր մարզիչ, յայտնեց իտալական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Կողմերը կնքեցին մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը:
Թէեւ Իտալիոյ Բ. դասակարգի աւարտած ախոյեանութեան Պենեւենթօ գրաւեց դասաւորման երրորդ դիրքը, սակայն չյաջողեցաւ բարձրանալ Ա. դասակարգ («Քալչիօ»)` փլէյ-օֆի մրցումներուն պարտութիւն կրելով Զիթատելլայէն:
Ֆիլիփօ Ինցակի նախապէս եղած է Ա. Սէ. Միլանի եւ Պոլոնիայի մարզիչ:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական