Հսկողութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին, Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ, այսօր եւ վաղը տեղի կ՛ունենան վեթերաններու ֆութպոլի մրցաշարքին վերաբերող երկուքական ճակատումներ:
Այս մրցումները կ՛ընթանան բաւական հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք այն պարագան, որ ֆութպոլի անցեալի անուանի եւ փորձառու աստղեր իրարու դէմ յանդիման կու գան շուրջ 15 տարի ետք` դարձեալ իրենց անցեալի կազմերուն հետ:
Յետմիջօրէի ժամը 17:15-ին իրարու դէմ կը մրցին Թրիփոլի եւ Սաժես, իսկ երեկոյեան ժամը 21:00-ին, տեղի կ՛ունենայ սպասուած ճակատումը` ՀՄԸՄ-ի եւ Անսարի միջեւ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ոչ մէկ ճիգ խնայել ներկայ գտնուելու եւ քաջալերելու իրենց կազմը` ՀՄԸՄ-ը:



