Մարզական

Անտրէ Կոմեշ Պարսելոնայէն Տեղափոխուեցաւ Էվըրթըն

Պարսելոնայի միջնապահ Անտրէ Կոմեշ դարձաւ անգլիական Էվըրթըն ֆութպոլի ակումբի մարզիկ, յայտնեց քաթալոնական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 25 տարեկան փորթուգալցիին ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար, Էվըրթըն վճարեց 25 միլիոն եւրօ: Ան հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր կազմին հետ: 2016-էն 2018 Պարսելոնայի կատարած մրցումներուն մասնակցած Կոմեշ նախորդ տարեշրջանին արդէն իսկ մաս կը կազմէր Էվըրթընի: Անոր հետ ան կատարեց 29 մրցում` նշանակելով կոլ...

Հայաստանի Ֆութպոլի Հաւաքականին Միջնապահը Տեղափոխուեցաւ Պուլկարիա

Ռումեան Յովսէփեան, որ անդամ է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին, տեղափոխուեցաւ Ռումանիա, յայտնեց անոր նոր ակումբին` Արտա Քարծալիի պաշտօնական կայքը: 27 տարեկան միջնապահը երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր խումբին հետ: Ան 19 յունիսին հեռացած էր Հայաստանի փոխախոյեան Փիւնիկ Երեւանէն: Պուլկարիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութիւնը կը սկսի 12 յուլիսին:

Նախարար Ֆընէյշ Ընդունեց Քանսոն

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ, Լիբանանի պետմինթընի ֆետերասիոնին նախագահ եւ Հուփս ակումբի սեփականատէր Ժասեմ Քանսոն: Նախարար Ֆընէյշ շնորհաւորեց Քանսոն, որ վերջերս ընտրուեցաւ Պետմինթընի միջազգային ֆետերասիոնի Ա. փոխնախագահ, ինչպէս նաեւ Ասիոյ ներկայացուցիչը Պետմինթընի միջազգային ֆետերասիոնին մէջ: Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած այս ընտրութիւններուն, որոնց մասնակցեցան 40 երկիրներ, Քանսօ պահեց նաեւ Ասիոյ պետմինթընի...

Պասքեթպոլ. Արաբական Ակումբներու Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. Եգիպտոս Տիրացաւ Տիտղոսին` 70-61 Արդիւնքով Յաղթելով Լիբանանի

Գահիրէի մէջ (Եգիպտոս) տեղի ունեցող Արաբական ակումբներու կրտսերներու (16 տարեկանէն վար) ախոյեանութիւնը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական ճակատումը հիւրընկալ երկրին` Եգիպտոսի եւ Լիբանանի միջեւ: Եգիպտոս տիրացաւ տիտղոսին` 70-61 արդիւնքով յաղթական դուրս գալով այս ճակատումէն, հակառակ անոր որ մրցումին տեւողութեան Լիբանան առիթով մը ունեցաւ տասը կէտի առաւելութիւն (43-33):

Արեւմտեան Ասիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Ահտ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը` 0-0 Արդիւնքով Հաւասարութիւն Արձանագրելէ Ետք Ուահատաթի Հետ

Արեւմտեան Ասիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Ահտ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը` 0-0 Արդիւնքով Հաւասարութիւն Արձանագրելէ Ետք Ուահատաթի Հետ

Լիբանանի վերջին տարիներու ախոյեան Ահտ յաջողեցաւ մեծ իրագործում մը կատարել, երբ Արեւմտեան Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի իր տոմսը ապահովեց, հակառակ յորդանանեան Ուահատաթ խումբին դէմ իր արձանագրած ճերմակ հաւասարութեան: Երթին Ահտ Յորդանանի մէջ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր: Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ կատարուած այս մրցումին ներկայ եղան Ահտի հազարաւոր համակիրներ: Անոնց կողքին էին նաեւ լիբանանեան տարբեր...

Ռասինկի Նոր Նախագահը Այսօր Հանդիպում Մը Կ՛ունենայ Ֆութպոլի Խումբին Հետ

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Ռասինկ ակումբին ընտրութիւնները, որոնց ընթացքին նոր նախագահ ընտրուեցաւ Կեպի Ֆըրնէյնի: Ան, ինչպէս նաեւ ակումբին մնացեալ պատասխանատուները, ֆութպոլի խումբին բոլոր մարզիկները հրաւիրեցին յատուկ հանդիպումի մը, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր` չորեքշաբթի, 26 յունիսին, «Լէօ Կապրիել» պանդոկին մէջ (Էշրեֆիէ): Այս հանդիպումին պիտի քննարկուին ակումբին կատարելիք նախապատրաստական աշխատանքները` Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանին գծով, ինչպէս նաեւ պիտի...

Դրամատուներու Մինի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Պէյրութի Եւ Արաբական Երկիրներու Դրամատունը` Տիտղոսակիր

«Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան կազմակերպած դրամատուներու մինի ֆութպոլի մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենար երրորդ տարին ըլլալով, հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտականի մրցումը: Պէյրութի եւ Արաբական երկիրներու դրամատունը տիրացաւ տիտղոսին` 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք «Աուտէ» դրամատան դէմ: Տորի Զախխուր ընտրուեցաւ մրցաշարքի լաւագոյն մարզիչ, իսկ լաւագոյն մարզիկի տիտղոսը բաժին ինկաւ Ժաաֆար Ապու Թաամի: Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:

Մինսք – 2019. Արման Ադամեան Ոսկի Մետալ Մը Ապահովեց Ռուսիոյ

Մինսքի մէջ տեղի ունեցող եւրոպական երկրորդ խաղերուն, Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող Արման Ադամեան, ժիւտոյի 100 քկ դասակարգի մրցումներուն տիրացաւ ոսկի մետալի մը: Ան աւարտականին յաղթեց, 2016-ի ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան Վարլամ Լիփարթելիանիի (Վրաստան): Անոր շահած այս մետալով, Ռուսիոյ մետալներուն թիւը բարձրացաւ 46-ի (21 ոսկի, 12 արծաթ, 13 պրոնզ):

246 Ճատրակ Խաղացող Կար, Բայց Հայերը Անգերազանցելի Էին

Հայաստանը ներկայացնող կրանտմասթըրներ Սամուէլ Տէր Սահակեանի եւ Մանուէլ Պետրոսեանի յաղթանակով վերջ գտաւ Հնդկաստանի Կոա նահանգին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային մրցաշարքը, որուն մասնակցեցան 23 երկիրներէ 246 ճատրակ խաղացողներ: Սամուէլ Տէր Սահակեան առաւելագոյն 10 կէտէն ապահովեց 8 կէտ եւ գրաւեց առաջին դիրքը: Մանուէլ Պետրոսեան նոյնքան կէտ ապահովելով լրացուցիչ ցուցանիշներով գրաւեց երկրորդ դիրքը, յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:

«Քոփա Ամերիքա». Քառորդ Աւարտականի Զոյգերը Յստակացան

Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը որեւէ մրցում տեղի պիտի չունենայ, եւ խումբերը պիտի ըլլան հանգիստի մէջ: Ուրբաթ եւ շաբաթ օր պիտի կատարուին քառորդ աւարտականի մրցումները: Ա. հանգրուանի մրցումները աւարտեցան երէկ, երբ Գ. խմբակին մէջ կատարուեցան վերջին երկու ճակատումները: Ուրուկուէյ յաղթեց Չիլիի (1-0), մինչ Էքուատոր - Ճափոն մրցումը աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ: Ստորեւ` քառորդ...

2026-ի Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղերը` Միլանոյի Եւ Քորթինայի Մէջ

2026-ի Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղերը` Միլանոյի Եւ Քորթինայի Մէջ

Լոզանի մէջ տեղի ունեցած Միջազգային ողիմպիական Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի համագումարին որոշուեցաւ, որ 2026-ի ձմեռնային ողիմպիական խաղերը տեղի պիտի ունենան իտալական Միլանոյի եւ Քորթինայի մէջ: Իտալիա այս քուէարկութեան ստացաւ 47 ձայն: Շուէտական Սթոքհոլմը ստացաւ 34 ձայն: Այս խաղերը տեղի պիտի ունենան 6-22 փետրուար 2022-ին: Իտալիա վերջին անգամ ձմեռնային ողիմպիական խաղերը հիւրընկալած էր 2006-ին, Թորինոյի մէջ: Քորթինայի մէջ նախապէս ձմեռնային ողիմպիական խաղեր...

Նէյմար Պատրաստ Է Հրապարակաւ Ներողութիւն Խնդրելու Պարսելոնայի Համակիրներէն

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Նէյմար իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին նշեց, որ պատրաստ է հրապարակաւ ներողութիւն խնդրելու Պարսելոնայի համակիրներէն` 2017-ին խումբը լքելուն համար: Ան ըսաւ, թէ սխալած է իր տուած այդ որոշումին մէջ: Ըստ սպանական մամուլին, միայն ատիկա տեղի ունենալու պարագային Պարսելոնա կրնայ գործի անցնիլ` վերադարձնելու 27 տարեկան ֆութպոլիստը: Սակայն Պարսելոնայի համակիրներուն աւելի քան...

Ռաֆայէլ Պենիթես Հեռացաւ Նիւքասըլէն

Սպանացի մարզիչ Ռաֆայէլ Պենիթես լքեց իր ակումբը` Նիւքասըլը, նկատի ունենալով, որ կողմերը իրարու հետ չկրցան համաձայնութեան գալ նոր պայմանագիրի գծով: Ան մարտ 2016-ին նշանակուած էր Նիւքասըլի մարզիչ: Թէեւ առաջին տարին անոր կազմը դուրս մնաց «Փրեմիեր-լիկ»-էն, սակայն տարի մը ետք անիկա դարձեալ վերադարձաւ այդտեղ:    

Եւրոպայի 21 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Յստակացան Կիսաւարտականին Հասնող Խումբերը

Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող մրցումները աւարտեցան եւ յստակացան կիսաւարտականին հասնող խումբերը: Սպանիա կը մրցի Ֆրանսայի դէմ, իսկ Գերմանիա` Ռումանիոյ դէմ: Մրցումները տեղի կ՛ունենան այսօր` չորեքշաբթի, 26 յունիսին:  

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը Շնորհաւորեց Աքրամ Հալապին

Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի Ա. փոխնախագահ ընտրուելուն առիթով, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի ընդունեց բազմաթիւ շնորհաւորանքներ լիբանանեան բազմաթիւ ֆետերասիոններէ, ակումբներէ, միութիւններէ, ակումբներէ, միութիւններէ, քաղաքական ուժերու մարզական յանձնախումբերէ, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներէ: Իր կարգին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Հալապիի: Շուրջ կէս ժամ տեւած շնորհաւորական այս այցելութեան ընթացքին, ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց Հալապին իր նոր պաշտօնը ստանձնելուն առիթով: Խօսուեցաւ...

Վեթերաններու Ֆութպոլի Մրցաշարք. ՀՄԸՄ – Անսար` 2-2

Երէկ գիշեր Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ յիշատակելի մրցում մը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան անցեալի ֆութպոլիստներ, որոնք մաս կը կազմէին ՀՄԸՄ-ի եւ Անսարի: Բայց այս անգամ անոնք իրարու դէմ մրցեցան իբրեւ վեթերան ֆութպոլիստներ: Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած վեթերաններու այս մրցումը աւարտեցաւ 2-2 հաւասարութեամբ: ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Յակոբ Կիւլիւմեան եւ Սագօ Պապիկեան, իսկ Անսարի կոլերը` Վարդան...

Մոթորսայքլինկ. Քափ-390. Բ. Հանգրուանի Մրցումին Մասնակցեցան 14 Անձեր

Կազմակերպութեամբ «Էյ. Էն. Պու Խաթեր» ընկերութեան, նախորդ շաբաթավերջին «Քարթինկ-Մանիա» վազքուղիին վրայ (Քուսպա) տեղի ունեցաւ «Քափ-390 Մոթորսայքլինկ»-ի 2-րդ հանգրուանի մրցումը` նուիրուած Ժան Ազարի յիշատակին: Վերջինս «Էն. Էն. Պու Խաթեր» մոթորսայքլինկի ակումբին անդամ էր: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 14 անձեր, որոնք այս մրցումին իրենց մոթորսիքլեթներով մարզական ոգիով մասնակցեցան տիտղոսակիր դառնալու համար: Ընդհանրապէս տիրապետեցին «Քէյ. Թի. Էմ.»-ին մաս կազմողները: 28 յուլիսին տեղի պիտի...

«Էլ. Էյ. Եու.» – «Էն. Պի. Էյ. – Ժունիոր» Պասքեթպոլի Մրցաշարք.  Միլուոքի Պաքս (Շանվիլ) Տիրացաւ Տիտղոսին

«Էլ. Էյ. Եու.» – «Էն. Պի. Էյ. – Ժունիոր» Պասքեթպոլի Մրցաշարք. Միլուոքի Պաքս (Շանվիլ) Տիրացաւ Տիտղոսին

Նախորդ շաբաթավերջին Սաժեսի դաշտին վրայ (Ղազիր) աւարտեցաւ «Էլ. Էյ. Եու.» - «Էն. Պի. Էյ. - Ժունիոր» պասքեթպոլի մրցաշարքը, որ շուրջ 2 ամիս ստեղծեց բաւական հետաքրքրական մթնոլորտ մը մասնակցող խումբերուն մօտ, մանաւանդ որ անոր մասնակցեցան երկսեռ խումբեր, որոնք կը կրէին «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեանութեան մասնակցող խումբերուն անունները: Աւարտական մրցումին ներկայ էին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի, ֆետերասիոնի անդամ Շարպել Ռըզք,...

Էտկար Սեւիկեան Տեղափոխուեցաւ Լեւանթէ

Ռուսական մամուլը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի միջնապահ Էտկար Սեւիկեան տեղափոխուեցաւ Լեւանթէ: Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, 17 տարեկան ֆութպոլիստը 3 տարուան պայմանագրութիւն մը կնքեց սպանական ակումբին հետ: 2017-էն ի վեր հայազգի ֆութպոլիստը ելոյթ կ՛ունենար վալենսիական ակումբի երիտասարդական խումբին հետ:

«Էմ. Էմ. Էյ.». Գեղարդ Մուսասի Պարտուեցաւ Լոնտոնի Մէջ` Զրկուելով Ախոյեանի Տիտղոսէն

Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած խառն մենամարտերու «Պելաթոր-223»-ի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Գեղարդ Մուսասի պարտութիւն մը կրելով չկրցաւ պաշտպանել ախոյեանական տիտղոսը` միջին քաշային կարգին մէջ: Հոլանտան ներկայացնող 33 տարեկան հայ մարտիկին մրցակիցը 35 տարեկան ամերիկացի Ռաֆայէլ Լովաթոն էր, որ յաղթեց իրաւարարներուն որոշումով` 47-47, 48-47 եւ 48-47 արդիւնքով:

Page 689 of 1279 1 … 688 689 690 … 1,279

Արխիւներ