Մարզական

Աթլեթիզմ. Մելանի Ֆրէյհայի Անուան Ա. Հանգրուանի Մրցումները Կատարուեցան Եօթը Տարբեր Տեսակի Մարզաձեւերով

Հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ Ժամհուր ակումբին, տեղի ունեցան Մելանի Ֆրէյհայի անուան աթլեթիզմի տարեկան Ա. հանգրուանի մրցումները` եօթը տարբեր տեսակի մարզաձեւերու մէջ: Այս մրցումներուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ, ֆետերասիոնին այլ անդամները, Ֆրէյհա ընտանիքին անդամները, ինչպէս նաեւ մասնակցող մարզիկներուն ծնողներն ու ընտանեկան պարագաները: Տարբեր ակումբներու մաս կազմող մարզիկներուն միջեւ մրցակցութիւնը ընթացաւ բաւական սուր պայքարի մթնոլորտին մէջ:...

Մինի Ֆութպոլ. Լիբանանի Ազգային Խումբին Կազմը Գրեթէ Յստակացաւ

Լիբանանի մինի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կը հաղորդէ, որ ազգային խումբի մարզիչ Մոհամետ Սալլում, անոր օգնականը` Ատել Ռըզք եւ բերդապահներու մարզիչ Ալի Ժըպէյլի, գրեթէ ճշդած են ազգային խումբին մարզիկները, որոնք պիտի նախապատրաստուին իրենց մասնակցութիւնը բերելու աշխարհի ախոյեանութեան: Այդ ցանկին վրայ շատ հաւանաբար նոր մարզիկներ աւելնան: Ստորեւ` 18 ընտրուած մարզիկներուն ցանկը. Խըտըր Եուսեֆ, Խալետ Մանսուր, Թարեք Համմուտ, Խալետ Աժալ, Հասան Քատտուհ, Մուսա Ֆատլալլա,...

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութիւն.  – Նազարեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. – Նազարեան` Եւրոպայի Ախոյեան

- Յարութիւնեան Եւ Առաքելեան` Պրոնզէ Մետալակիրներ Յունահռոմէական ըմբշամարտի Եւրոպայի պատանեկան ախոյեանութեան, Էտմոնտ Նազարեան յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով ոսկի մետալ ապահովեց Պուլկարիոյ համար: Էտմոնտ Նազարեան վերանկախացած Հայաստանի առաջին ողիմպիական ախոյեան Արմէն Նազարեանի որդին է: 51 քկ դասակարգին մէջ ան 10-0 արդիւնքով յաղթեց իր թուրք մրցակից Պարըշ Էրպեքին: Ան քառորդ աւարտականին յաղթանակ արձանագրած էր Ազրպէյճանի ներկայացուցիչ Նիհատ Կիւլուզատէի դէմ: Իսկ կիսաւարտականին Նազարեան...

Մինսք-2019.  Հայաստան 37 Մարզիկով Կը Մասնակցի Եւրոպական Երկրորդ Խաղերուն

Մինսք-2019. Հայաստան 37 Մարզիկով Կը Մասնակցի Եւրոպական Երկրորդ Խաղերուն

Այսօր` ուրբաթ, 21 յունիսին, Մինսքի մէջ (Պիելոռուսիա) կը սկսին եւրոպական երկրորդ խաղերը, որոնց ընթացքին Հայաստան իր մասնակցութիւնը կը բերէ 37 երկսեռ մարզիկով` 9 տարբեր մարզաձեւերու մէջ: Եւրոպական այս խաղերուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, կարգ մը մարզաձեւերու մէջ մարզիկները կրնան Թոքիօ-2020-ի ողիմպիականի խաղերու տոմսեր ապահովել: Բացման հանդիսութեան Հայաստանի դրօշակակիրը պիտի ըլլայ Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեան, Ռիոյի ողիմպիական խաղերու մասնակից Յովհաննէս Բաչքով: Նախքան Պիելոռուսիա...

Ֆութսալ. Իտալիա – Հայաստան Երկրորդ Մրցումը Մնաց Անաւարտ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցած Իտալիա - Հայաստան ֆութսալի միջազգային բարեկամական մրցումը մնաց անաւարտ` նկատի ունենալով, որ իտալացիները չպահեցին ֆեր-փլէյի օրէնքները: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ մրցումին իտալացի իրաւարարները ընդհանրապէս կը սուլէին ի նպաստ Իտալիոյ: Անոնք քանի մը անգամ ալ փենալթի տուին դաշտին տէրերուն: Նկատի ունենալով, որ անոնց կողմէ տրուեցաւ այլ փենալթի մըն ալ (մինչ...

«Քոփա Ամերիքա». Արժանթին Կրնայ Չհասնիլ Յաջորդ Հանգրուան

Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի ծիրին մէջ, Արժանթին պարտութեամբ սկսելէ ետք մրցաշարքը, իր կատարած երկրորդ մրցումին այլ պարտութենէ մը փրկուեցաւ, երբ Փարակուէյի դէմ տեղի ունեցած մրցումին Լիոնել Մեսսի փենալթիով նշանակեց իր կազմին հաւասարութեան կոլը (57-րդ): Փարակուէյ նշանակած էր մրցումին առաջին կոլը (37-րդ), մինչ անոր մէկ այլ մարզիկը 62-րդ վայրկեանին չկրցաւ փենալթի մը կոլի վերածել: Նոյն խմբակին մաս...

2022-ի Մոնտիալ. Քաթարէն Կրնայ Խլուիլ Աշխարհի Ախոյեանութիւնը Հիւրընկալելու Իրաւունքը

Միջազգային մարզական մամուլը երէկ անդրադարձաւ ՖԻՖԱ-ի հրապարակած այն լուրին, թէ Քաթարէն կրնայ խլուիլ 2022-ի մոնտիալը հիւրընկալելու իրաւունքը: Նշուեցաւ, որ ՖԻՖԱ-ի մէկ յանձնախումբը գաղտնի հանդիպումներ կը կատարէ` տեղեակ ըլլալու համար, թէ ո՛ր երկիրը կրնայ արագօրէն համաձայնիլ եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնել հիւրընկալելու 2022-ի մոնտիալը: Բացի Քաթարէն, 2022-ի մոնտիալը հիւրընկալելու համար իրենց թեկնածութիւնը առաջարկած էին Միացեալ Նահանգներ, Հարաւային Քորէա, Ճափոն եւ Աւստրալիա: Կը...

Աղջկանց Վազքի Մրցումներուն Մասնակցած`. Շիես Շեփքոսկէյի Տղամարդ Ըլլալը Բացայայտուեցաւ

2017-ին խթանիչ դեղեր գործածած ըլլալուն համար չորս տարիով կախակայուած քենիացի կին վազող Շիես Շեփքոսկէյ ձերբակալուեցաւ իր հայրենիքին մէջ: Ան Քենիոյ հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ կ՛աշխատէր իբրեւ հիւանդապահուհի: Սակայն անոր գործընկերները, բացայայտելով անոր տղամարդ ըլլալը, անմիջապէս դիմած են ոստիկանութեան: Ան խոստովանած է, որ քանի մը տարի աղջկանց վազքի մրցումներուն մասնակցած է եւ յայտնած իր տղամարդ ըլլալը: Ան կեղծ փաստաթուղթերով մասնակցած է աղջկանց...

Ա. Սէ. Միլան Ունեցաւ Իր Նոր Մարզիչը

Սամտորիայի նախկին մարզիչ Մարքօ Ճիամփաուլօ երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Ա. Սէ. Միլանի հետ` այսպիսով փոխարինելով Կենարօ Կաթուզոն: 51 տարեկան Ճիամփաուլօ մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին եղած է նաեւ Էմփոլիի, Քրեմոնեզէի, Պրեշիայի, Սեսենայի, Քաթանիայի, Սիեննայի եւ Քալիարիի մարզիչ: Ան իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ 1 յուլիսին: Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի աւարտած տարեշրջանին Ա. Սէ. Միլան 68 կէտով գրաւեց 5-րդ դիրքը:

Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնի Նախագահ Վաչէ Ծատուրեան Այցելեց Նախարար Աւետիս Կիտանեանին

Երէկ` չորեքշաբթի, 19 յունիսին, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեանը: Այս հանդիպումին ընթացքին Ծատուրեան նախարարը տեղեակ պահեց այն բոլոր նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին, որոնք կը տարուին ֆետերասիոնին կողմէ` լաւապէս հիւրընկալելու համար լեռնային հեծելարշաւի (Մաութըն Պայք) ասիական 25-րդ ախոյեանութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ 25-28 յուլիսին, Քֆարզեպիանի շրջանին մէջ (Քեսրուան)` հսկողութեամբ Ասիոյ հեծելարշաւի ֆետերասիոնին,...

Նախարար Ժըպրան Պասիլ Ընդունեց Աքրամ Հալապին

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ (Պուսթրոս պալատ) ընդունեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապին: Այս հանդիպումին ընթացքին նախարար Պասիլ շնորհաւորեց Հալապին, որ վերջերս ընտրուեցաւ Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի Ա. փոխնախագահ: Նախարարը յաջողութիւն մաղթեց Հալապիին` իր նոր պաշտօնավարութեան գծով: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ պասքեթպոլի գծով այլ հարցեր: ԱՅԼ ԳԵՏՆԻ վրայ, Աքրամ Հալապի շաբաթ, 22...

Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոնի Ժողով. Տարբեր Տեսակի Մրցաշարքերու Կայացման Գծով Հաւանութիւններ Տրուեցան

Ներկայութեամբ իր անդամներուն մեծամասնութեան, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը ժողով մը գումարելով քննարկեց իր օրակարգին վրայ եղող հարցերը եւ տուաւ համապատասխան որոշումներ: Հաւանութիւն տրուեցաւ, որ «Լուիս Պազ Սփորթց Էնտ Իվենց» ընկերութիւնը կազմակերպէ մրցաշարք մը, որուն պիտի մասնակցին ֆետերասիոնին մօտ արձանագրուած, ինչպէս նաեւ անկախ մարզիկները: Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 2-8 դեկտեմբերին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ): 1-3 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ...

Պասքեթպոլ. 16 Տարեկանէն Վար Արաբական Ախոյեանութիւն. Լիբանան – Ալճերիա` 88-52

Լիբանանի 16 տարեկանէն վար տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը մեծ եւ տպաւորիչ յաղթանակով մը սկսաւ Արաբական պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը, երբ Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ բաւական ծանր պարտութեան մատնեց Ալճերիան` 88-52 արդիւնքով: Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քարլ Քըզահ (35), ապա` Եուսեֆ Խայեաթ (27): Լիբանանի յաջորդ մրցակիցները պիտի ըլլան Եգիպտոս, Պահրէյն, Թունուզ եւ Սէուտական Արաբիա:

Ֆութսալ. Հայաստան Յաղթեց Իտալիոյ (2-1)

Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցած ֆութսալի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի ազգային հաւաքականը 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց դաշտին տիրոջ դէմ: Կոլերը նշանակեցին Էնրիքէ Քոսթա տա Սիլվա եւ Սարօ Գալստեան:

Հայկական Ֆութպոլ. Ռումեան Յովսէփեան Հեռացաւ Փիւնիկէն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Ռումեան Յովսէփեան հեռացաւ Փիւնիկէն, յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: «27 տարեկան միջնապահ Ռումեան Յովսէփեան այսուհետեւ Փիւնիկի ֆութպոլիստ չէ: Անոր պայմանագրութեան ժամկէտը աւարտեցաւ մեզի հետ», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ: Փիւնիկ շնորհակալութիւն յայտնելով Յովսէփեանին, անոր յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկային իր մաս կազմելիք ակումբին հետ: Շատ հաւանական է, որ ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ արտասահմանի մէջ:

Եուվենթուս 140 Միլիոն Եւրօ Առաջարկեց Փոկպայի Համար

Իտալիոյ ախոյեան Եուվենթուս 140 միլիոն եւրօ առաջարկեց Մանչեսթըր Եունայթըտին` ձեռք ձգելու համար անոր ֆրանսացի միջնապահ Փոլ Փոկպան: Նախապէս Փոլ Փոկպա մաս կազմած է Եուվենթուսին` 2012-2016 ժամանակամիջոցին: 26 տարեկան Փոկպա Եուվենթուսի հետ կատարած է 127 մրցում` նշանակելով 34 կոլ: Իտալական մամուլին համաձայն, Եուվենթուսի թեքնիք տնօրէնին` Ֆապիօ Փարաթիչի եւ անգլիական ակումբին պատասխանատուներուն միջեւ հանդիպումը եղած է բաւական դրական:

Ռոտրիկեզի Նափոլի Տեղափոխութիւնը` Մօտալո՞ւտ

Միջազգային մարզական մամուլին համաձայն, շատ հաւանական է, որ յառաջիկայ օրերուն Ռէալ Մատրիտի քոլոմպիացի միջնապահ Խամես Ռոտրիկեզ փոխ տրուի «Քալչիօ»-ի ախոյեանութեան մասնակցող խումբերէն Նափոլիին: Ռոտրիկեզով մօտէն հետաքրքրուած է նաեւ Մանչեսթըր Եունայթըտ:

Մաթց Հիւմելս Վերադարձաւ Պորուսիա Տորթմունտ

Գերմանացի յետսապահ Մաթց Հիւմելս Պայէրն Միւնիխէն վերադարձաւ իր նախկին ակումբը Պորուսիա Տորթմունտ, յայտնեց վերջինիս պաշտօնական կայքը: Կողմերը արդէն իսկ համաձայնութեան եկած են 30 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցման մանրամասնութիւններուն գծով: Սակայն ցարդ յաւելեալ մանրամասնութիւններ չեն ներկայացուիր: Ան 2016-ին Տորթմունտէն տեղափոխուած էր Պայէրն Միւնիխ:

«Քոփա Ամերիքա». Պրազիլ Չկրցաւ Յաղթել Վենեզուելլային

Պրազիլի մէջ շարունակուող «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, հիւրընկալ երկիրը` Պրազիլ, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, չկրցաւ յաղթել իր մրցակիցին` Վենեզուելլային` անոր հետ արձանագրելով 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Պրազիլ այժմ ունի 4 կէտ, մինչ Վենեզուելլա, որ արձանագրեց իր երկրորդ հաւասարութիւնը, ունեցաւ 2 կէտ: Նոյն խմբակին մաս կազմող Փերու, որ յաղթեց Պոլիվիոյ, այժմ Պրազիլի նման ունի 4 կէտ: Պոլիվիա...

Ռոպերթ Մորենօ` Սպանիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Նոր Մարզիչ

Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ Ռոպերթ Մորենօ նշանակուեցաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչ: Լուիս Էնրիքէի տուած հրաժարականէն ետք, 41 տարեկան Մորենօ ստանձնեց անոր պաշտօնը: Ան արդէն իսկ քանի մը մրցում գլխաւորած էր Սպանիոյ ազգային խումբին հետ: Ան Էնրիքէի օգնականն էր: Էնրիքէ անձնական պատճառներով բացակայ էր ազգային խումբէն: Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, Զ. խմբակին մաս կազմող...

Page 691 of 1279 1 … 690 691 692 … 1,279

Արխիւներ