Սպանիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի դարձի մրցումին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Մայորքա եւ Տեփորթիւօ Քորունա ճակատեցան իրարու դէմ:
Երթին Տեփորթիւօ Քորունա 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր եւ կը մնար գլխաւոր թեկնածուն «Լա լիկա» վերադառնալու:
Սակայն պատահեցաւ հակառակը, եւ «Լա լիկա» բարձրացողը հանդիսացաւ Մայորքա, որ իր դաշտին վրայ արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Այսպիսով, վեց տարուան բացակայութենէ մը ետք, Մայորքա վերադարձաւ «Լա լիկա»: