ՀՄԸՄ-Ի Ֆութպոլի Միջմասնաճիւղային Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Տիրացաւ Տիտղոսին
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած միջմասնաճիւղային ֆութպոլի մրցումները` հովանաւորութեամբ Ստեփան Տէր Պետրոսեանի, վերջ գտան շաբաթ, 22 յունիսին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի յաղթանակով (3-1 արդիւնքով): Այս մրցաշարքը, որ յաղթանակ էր ՀՄԸՄ-ի համար, եղաւ առաջինը տարիներէ ի վեր, որ քով-քովի բերաւ մասնաճիւղեր եւ մօտեցուց շրջաններ: 6 մասնաճիւղեր մասնակցեցան սոյն մրցաշարքին` Անթիլիաս, Այնճար, Ֆանար, Ռաուտա, Պէյրութ եւ Պուրճ Համուտ:
Մօտիկ ապագային տարիքային մրցաշարքի ծրագիրներ կան` առիթ տալու համար հայ տղոց` վերադառնալու կանաչ դաշտ:
Ինչ կը վերաբերի մրցաշարքին, անոր ներկայ եղան Շրջանային վարչութեան անդամներ, աւարտականի մրցումը իրարու դէմ հանեց Պուրճ Համուտը, որ լաւ խումբ մը կը կազմէ մասնակցելու Լիբանանի 4-րդ դասակարգի ախոյեանութեան, եւ Պէյրութը, որ իր երիտասարդներու նորակազմ խումբով կը խաղար: Վաչէ Ղուկասեան, Սերժ Գույումճեան եւ Կարօ Զենճիրեան նշանակեցին Պուրճ Համուտի 3 կոլերը, մինչ Պարոյր Գույումճեան նշանակեց Պէյրութի միակ կոլը:
3-րդ դիրքի մրցումին, Ռաուտա 3-1 արդիւնքով յաղթեց Ֆանարին: Գառնիկ Նորշահեան, Սէրուժ Քէշիշեան եւ Ճորճիկ Իշխանեան նշանակեցին Ռաուտայի կոլերը, մինչ Խալետ նշանակեց Ֆանարի միակ կոլը:
Վարձքը կատար բոլոր տղոց:
Պէտք է նշել, որ բոլոր մրցումները վարեց իրաւարար Վարդան Մաթոսեան:
Մրցումներու աւարտին, Շրջանային վարչութեան անդամներ բաժակներ բաշխեցին բոլոր մասնակից խումբերուն: