Մարզական

Այսօր Լիբանանի Աթլեթիզմի Ֆետերասիոնը Կու Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Ինչպէս ծանօթ է, 15-18 օգոստոսին Լիբանան կը հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ կրտսերներու աթլեթիզմի 3-րդ ախոյեանութիւնը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Այս գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ հաղորդելու նպատակով, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի կեդրոնատեղիին մէջ (Հազմիէ), այսօր` հինգշաբթի, 8 օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը` ներկայութեամբ յատուկ հրաւիրեալներու: Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հետեւեալ 11...

Արեւմտեան Ասիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Լիբանան Այսօր Կը Կատարէ Իր Չորրորդ Մրցումը` Եմէնի Դէմ

Քարպալայի մէջ (Իրաք) տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 8 օգոստոսին, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը կը կատարէ իր չորրորդ մրցումը` Եմէնի դէմ: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 19:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Ցարդ իր կատարած երեք մրցումներուն ընթացքին Լիբանան 2-1 արդիւնքով յաղթեց Սուրիոյ, 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Պաղեստինի հետ եւ կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Մայրիներու խումբը իր...

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէին Նախագահը Այցելեց Նախարար Ֆընէյշի

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի ողիմպիակա կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամը: Ժան Համմամ նախարարը տեղեակ պահեց ողիմպիական կոմիտէին տարած աշխատանքներուն մասին` յառաջիկայ տարի Թոքիօ-2020-ի ամառնային ողիմպիականին գծով, ինչպէս նաեւ քննարկուեցաւ տարբեր տեսակի մարզաձեւերու մէջ Լիբանանի մարզիկներուն մասնակցութեան հարցը` զտումի մրցումներուն գծով: Նախարարը յաջողութիւն մաղթեց այն բոլոր մարզիկներուն, որոնք ողիմպիականի տոմս մը ապահովելու համար զտումի...

Ժասեմ Քանսօ Պարգեւատրուեցաւ

Յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, Ժըտէյտի-Պաուշրիէ- Սատ քաղաքապետութիւնը եւ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին գործադիր տնօրէնութիւնը պարգեւատրեցին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ, Լիբանանի Պետմինթընի ֆետերասիոնի նախագահ, Հուփս ակումբի նախագահ Ժասեմ Քանսոն` Պետմինթընի միջազգային ֆետերասիոնի փոխնախագահ ընտրուելուն առիթով: Նախքան անոր պարգեւատրումը, բոլոր խօսք առնողներն ալ շնորհաւորեցին Քանսոն` նշելով, որ ան իր տարած ժրաջան աշխատանքին շնորհիւ եկաւ բարձր պահելու Լիբանանի անունը:

Կարճ Լուրեր` Լիբանանեան Ֆութպոլէն

Կարճ Լուրեր` Լիբանանեան Ֆութպոլէն

ԼԻԲԱՆԱՆԻ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանին լաւապէս պատրաստուող Անսար պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ իր կազմին միացուցած է լիբանանցի-պուլկարացի ֆութպոլիստ Այյատ Համմուտը: Ան հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրած է` փոխան 300 հազար ամերիկեան տոլարի: ՆԸԺՄԷ ակումբին հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն, լիբանանցի միջազգային նախկին բերդապահ Ապպաս Հասան իր պայմանագրութիւնը պատրաստ է երկարաձգելու: Որոշ աղբիւրներ կը յայտնէին, որ ան կրնայ միանալ Սաֆային, սակայն վերջինիս կատարած...

«Եւրոպայի-Լիկա». Այսօր` Փիւնիկ – Վուլվզ

«Եւրոպայի-լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Գ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 8 օգոստոսին, Հայաստանի փոխախոյեան Փիւնիկ Երեւան Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) կը հիւրընկալէ Անգլիոյ բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ին մաս կազմող Վուլվզը: Մրցումը այդքան ալ դիւրին պիտի չըլլայ հայկական կազմին համար` նկատի ունենալով մրցակից կազմին ունեցած փորձառութիւնը` միջազգային մրցաշարքերուն գծով: Հայկական կազմը երէկ...

Համահայկական 7-րդ Ամառնային Մարզախաղեր.  Առաջին Օրը Սկսան Հինգ Տեսակի Մարզաձեւեր

Համահայկական 7-րդ Ամառնային Մարզախաղեր. Առաջին Օրը Սկսան Հինգ Տեսակի Մարզաձեւեր

Երէկ, Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերուն ծիրին մէջ, սկսան տարբեր տեսակի մարզաձեւեր: Տղոց հեծելարշաւի մրցումին, Ստեփանակերտէն Տիգրանակերտ եւ հակառակ ուղղութեամբ, հեծելանւորդները կտրեցին 60 քմ երկարութիւն: Հեծելարշաւի մրցումները պիտի շարունակուին նաեւ այսօր` Արցախի մէջ: Սկսան նաեւ ճատրակի մրցումները, որոնց կը մասնակցին 160 խաղացողներ` Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն: Անոնք սակայն պիտի շարունակուին եւ պիտի աւարտին Երեւանի մէջ: Ինչ կը վերաբերի բազկամարտի մրցումներուն, որոնց...

Ուէյն Ռունի Միացաւ Տերպի Քաունթիի

Ամերիկեան «Տի. Սի. Եունայթըտ» խումբին մաս կազմող անգլիացի միջազգային նախկին յառաջապահ Ուէյն Ռունի վերադարձաւ հայրենիք եւ մաս կազմեց Ա. դասակարգի խումբերէն Տերպի Քաունթիին` իբրեւ մարզիկ-մարզիչ: Ան 18 ամսուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր կազմին հետ, որ ուժի մէջ կը մտնէ յունուար 2020-էն սկսեալ: Ռունի իր պայմանագրութիւնը աւարտելէ ետք «Մէյճըր լիկ»-ի խումբին հետ, պիտի միանայ Տերպիին` կրելով թիւ 32 մարզաշապիկը:

Մանչեսթըր Եունայթըտ Տուգանքի Ենթարկեց Լուքաքուն

Անգլիական մամուլը երէկ հաղորդեց, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքու 435 հազար եւրոյով տուգանքի ենթարկուեցաւ իր ակումբին կողմէ: Պելճիքացին չէ մասնակցած խումբին փորձերուն եւ առանց արտօնութեան մարզուած է Անտըրլեխթի մարզադաշտին վրայ: Վերջերս լուրեր կը տարածուէին, որ Լուքաքու, դժգոհ ըլլալով իր ակումբէն, կը մտադրէ տեղափոխուիլ Եուվենթուս:

Տիեկօ Ֆորլան Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Աթլեթիքօ Մատրիտի եւ Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Տիեկօ Ֆորլան երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ կը լքէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: 40 տարեկան յառաջապահը վերջին անգամ ֆութպոլի դաշտերուն վրայ տեսնուեցաւ մայիս 2018-ին: Ան 2002-էն 2014 մաս կազմած է Ուրուկուէյի ազգային խումբին:  

Համահայկական Ամառնային «7-րդ Խաղերու  Հանդիսաւոր Բացում` Արցախի  Մայրաքաղաք Ստեփանակերտի Մէջ

Համահայկական Ամառնային «7-րդ Խաղերու Հանդիսաւոր Բացում` Արցախի Մայրաքաղաք Ստեփանակերտի Մէջ

Երէկ` երեքշաբթի, 6 օգոստոսին, Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ սկիզբ առին 20 տարուան պատմութիւն ունեցող համահայկական 7-րդ խաղերը: Բացման հանդիսաւոր արարողութեան սկիզբը, թատերական ձեւով ներկայացուեցան հայոց պատմութեան ամէնէն վառ էջերը: Ապա, պատուոյ շքախումբին ընկերակցութեամբ մարզադաշտ բերուեցան Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն պետական դրօշակները, որմէ ետք սկսաւ պատուիրակութիւններուն շքերթը, որուն մասնակցեցան աշխարհի տարբեր քաղաքներու հազարաւոր մարզիկներ: Համահայկական 7-րդ խաղերուն ամէնէն մեծ պատուիրակութիւնը...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.».  «Սփիտ-Թեսթ»-ի 3-րդ Եւ Վերջին Հանգրուանի Մրցումին Յաղթականը` Ռոժէ Ֆըղալի

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». «Սփիտ-Թեսթ»-ի 3-րդ Եւ Վերջին Հանգրուանի Մրցումին Յաղթականը` Ռոժէ Ֆըղալի

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, նախորդ շաբաթավերջին Ուատի Շահրուրի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ «Սփիտ-թեսթ»-ի 3-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումը` մասնակցութեամբ 39 ինքնաշարժներու: Իր ինքնաշարժին` «Միթսուպիշի Լենսըր-Էվօ-6»-ի հետ արձանագրելով 5' 14" 48 արդիւնք մը, առաջին հանդիսացաւ Ռոժէ Ֆըղալի: 2-րդ դիրքը գրաւեց Քարլ Մասաատ («Էմ. Փի. Ար.-Փրօ», 5' 27" 51), մինչ երրորդ հանդիսացաւ` Ժաուատ Սելիմ («Էվօ-10», 5' 32" 37): Աւարտին տեղի ունեցաւ...

Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնին Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախարար Ֆընէյշի

Երէկ` երեքշաբթի, 6 օգոստոսին, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեանի, այցելեց Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի: Պատուիրակութիւնը նախարարին շնորհակալութիւն յայտնեց Ասիոյ «Մաութըն-Պայք»-ի 25-րդ ախոյեանութիւնը հովանաւորած ըլլալուն համար: Այնուհետեւ ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան նախարարին ներկայացուց ֆետերասիոնին 2019 տարուան ընթացքին գործադրելիք յայտագիրը: Հանդիպումին աւարտին Ծատուրեան յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց նախարարին` առ ի երախտագիտութիւն:

8 Օգոստոսին Լիբանանի Աթլեթիզմի Ֆետերասիոնը Կու Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Ինչպէս ծանօթ է, 15-18 օգոստոսին հովանաւորութեամբ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, Լիբանան կը հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ աթլեթիզմի տղոց եւ աղջկանց կրտսերներու երրորդ ախոյեանութիւնը: Այս գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ ներկայացնելու նպատակով, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը հինգշաբթի, 8 օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի կեդրոնատեղիին մէջ (Հազմիէ) պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը: Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ժամհուր վարժարանին մէջ: Ախոյեանութեան...

Արեւմտեան Ասիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Լիբանան – Պաղեստին` 0-0

Իրաքի մէջ տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Ա. խմբակին մաս կազմող Լիբանանի ազգային խումբը ոչ համոզիչ` 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Պաղեստինի հետ: Այսպիսով, Քարպալայի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, որուն ներկայ էին հինգ հարիւր համակիր, Լիբանանի Ա. խմբակին պարագլուխի դիրքը գրաւելու յոյսերը չքացան:

Կարճ Լուրեր` Լիբանանեան Ֆութպոլէն

Կարճ Լուրեր` Լիբանանեան Ֆութպոլէն

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ մարզական լրատուամիջոցներուն համաձայն, Նըժմէ ֆութպոլի ակումբին եւ Ախա Ահլի Ալէյի յետսապահ Ահմետ Աթուէի միջեւ բանակցութիւնները դադրած են: Այդ բանակցութիւնները որեւէ լուծումի չյանգեցան` նկատի ունենալով, որ իւրաքանչիւր կողմ կը պնդէր իր պահանջին վրայ: Նշուեցաւ, որ բանակցութիւնները այժմ դադրած են` նկատի ունենալով, որ Նըժմէի նախագահ Ասաատ Սաքքալ այժմ երկրէն դուրս կը գտնուի: Կ՛ԱԿՆԿԱԼՈՒԻ, որ Անսար իր կազմին միացնէ լիբանանցի-պուլկարացի երիտասարդ ֆութպոլիստ...

«Եւրոպայի Լիկա». Արարատ Արմենիա Պարտուեցաւ Վրաստանի Ախոյեանէն

Երէկ յետմիջօրէին Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ Արարատ Արմենիան հիւրընկալեց Վրաստանի ախոյեան Սապուրթալոն: Երեւանի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, Հայաստանի ախոյեանը կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը, հակառակ անոր որ հայկական կազմը Ա. կիսախաղին 1-0 արդիւնքով կը յառաջանար (31-րդ): Սակայն հիւր կազմը Բ. կիսախաղին նշանակեց երկու կոլ (72-րդ եւ 76-րդ): Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 14 օգոստոսին, Վրաստանի մէջ:  

«Եւրոպայի Լիկա». Փիւնիկ – Վուլվզ Մրցումին Իրաւարարները` Իտալիայէն

Հինգշաբթի, 8 օգոստոսին, «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Գ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Փիւնիկ Երեւան կը հիւրընկալէ անգլիական Վուլվզը, որ մաս կը կազմէ «Փրեմիեր-լիկ»-ին: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ այս մրցումին իրաւարարները նշանակուած են Իտալիայէն: Կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ Մայքըլ Ֆապրի:

Մարալ Արթին. «Ալաշկերտի Աղջկանց Խումբը Պարտաւոր Է Յաղթել Պեշիքթաշին»

Մարալ Արթին. «Ալաշկերտի Աղջկանց Խումբը Պարտաւոր Է Յաղթել Պեշիքթաշին»

Ալաշկերտ Երեւանի աղջկանց ֆութպոլի խումբը 7-13 օգոստոսին Հոլանտայի մէջ կը մասնակցի «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին: Հայկական խումբին մրցակիցները պիտի ըլլան հոլանտական Թվենթէն, լեհական Կոռնիքը եւ թրքական Պեշիքթաշը: Վերոնշեալ երեք մրցումներուն նախօրեակին, Ալաշկերտին միացաւ 19 տարեկան յառաջապահ Մարալ Արթին, որ նախքան երեւանեան ակումբ տեղափոխուիլը, Գերմանիոյ մէջ մաս կը կազմէր Պայէրն Միւնիխի եւ Ֆրանքֆորթի, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ կրտսերներու ազգային խումբին: Իր...

Ճատրակ. Փորթուգալի Մրցաշարք. Կարէն Գրիգորեան Աշխարհի Մրցանիշ Մը Հաստատեց

Փորթուգալի մէջ աւարտած «Ֆամալիքաօ-օփըն» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, Հայաստանի ներկայացուցիչ Կարէն Գրիգորեան առաւելագոյն 9 կէտէն 9 կէտ ապահովելով տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին: Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Գրիգորեան ցոյց տուած է 3103 գործակից ուժի խաղ, ինչ որ ամէնէն բարձրն է ճատրակի պատմութեան մէջ: Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր աշխարհի փոխախոյեան Ֆապիանօ Քարունային (3098), որ հաստատուած էր Սինկֆիլտի բաժակի մրցաշարքին:

Page 670 of 1279 1 … 669 670 671 … 1,279

Արխիւներ