Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, նախորդ շաբաթավերջին Ուատի Շահրուրի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ «Սփիտ-թեսթ»-ի 3-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումը` մասնակցութեամբ 39 ինքնաշարժներու:
Իր ինքնաշարժին` «Միթսուպիշի Լենսըր-Էվօ-6»-ի հետ արձանագրելով 5′ 14″ 48 արդիւնք մը, առաջին հանդիսացաւ Ռոժէ Ֆըղալի:
2-րդ դիրքը գրաւեց Քարլ Մասաատ («Էմ. Փի. Ար.-Փրօ», 5′ 27″ 51), մինչ երրորդ հանդիսացաւ` Ժաուատ Սելիմ («Էվօ-10», 5′ 32″ 37):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Ուատի Շահրուրի քաղաքապետ Սիմոն Ապի Ռաշետի եւ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի պատասխանատուներուն:
Լուսանկարները Տրամադրեցին
ՊԻՍԸՐՀԱ ԵՒ «ԷՄ. ԷՄ. ԷՍ. ՌԷՅՍԻՆԿ»




