Պասքեթպոլ. Աղջկանց Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Չեմփս Հանդիսացաւ Գ. Դասակարգի Ախոյեան
Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2019 տարեշրջանի ախոյեան հանդիսացաւ Չեմփս ակումբը, որ աւարտականի մրցումին 37 կէտի տարբերութեամբ` 56-19 արդիւնքով յաղթեց «Նետիմ Սուէյտ» ակադեմիային («Ն. Ս. Ա.»): Աւարտական այս մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ, ներկայ գտնուեցան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք, ֆետերասիոնի այլ անդամներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հանդիսատեսներ: Յաղթական կազմէն Քրիսթինա Պատօ նշանակեց...




